ՆՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեանի ժապաւէնը ընդգրկուած է Քաննի շարժանկարի փառատօնի մրցութային ծրագրին։ Այսպէս, հայկական, պելժիական եւ ֆրանսական համատեղ արտադրութեան «Երբ քամին հանդարտի» շարժանկարը, որու բեմադրիչն է Նորա Մարտիրոսեան, ընդգրկուած է Քաննի միջազգային 73-րդ փառատօնի The First Features մրցութային ծրագրին։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի շարժանկարիչներու միութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ փառատօնի նախագահ Փիէռ Լեսքիւր եւ տնօրէն Թիէրի Ֆրեմոն ուղիղ հեռարձակմամբ յայտարարած են շարժանկարի փառատօնի մրցութային ժապաւէններու պաշտօնական ընտրութեան արդիւնքները:

«Հայկական մասնակցութիւնը շարժանկարին մէջ՝ ի դէմս Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի, 43 միլիոն հայկական դրամ է: Մասնագիտական բացառիկ աշխատանքի արդիւնքին շարժանկարի արտադրութեան մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ «Եւրիմաժ», որուն կ՚անդամակցի Հայաստանը: Այս եզակի յաջողութիւնը արձանագրուած է երկարատեւ տքնաջան ու արհեստավարժ լուրջ աշխատանքի արդիւնքին: Թէ՛ հայկական, թէ՛ մասնակից միւս բեմադրիչներու խումբերը հսկայական աշխատանք իրականացուցած են: Թէեւ «Երբ քամին հանդարտի» շարժապատկերը Նորա Մարտիրոսեանի առաջին երկարաժամկէտ ժապաւէնն է, Նորա Մարտիրոսեան, սակայն, ծանօթ անուն մըն է շարժանկարի աշխարհէն ներս: Անոր «Միջանցիկ քամի» եւ «1937» շարժանկարները ընդգրկուած են Փարիզի Փոմփիտու արուեստի կեդրոնի հաւաքածոյին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Երբ քամին հանդարտի» շարժանկարի նիւթը Արցախն է։ Մեծածաւալ նկարահանումներ իրականացուած են Արցախի մէջ, շարժանկարի ստեղծման աշխատանքներուն ընդգրկուած են նաեւ հայաստանեան ստեղծագործական ու փորձագիտական աջակցման խումբեր:

Քաննի փառատօնը պէտք է կայանար մայիսին, սակայն քորոնաժահրի համավարակի տարածման պատճառով չեղարկուած է: Այնուամենայնիւ, կազմակերպիչ կոմիտէն որոշած է յայտարարել ընտրուած շարժանկարները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020