ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ

Սուրիոյ հիւսիսին, Թուրքիոյ սահմանամերձ Իտլիպի շրջանին մէջ վերսկսած են ռմբակոծումները՝ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ կառավարութեան զօրքերուն կողմէ։ Այս վերջինները երեք ամիս տեւած հրադադարէ մը վերջ դարձեալ շարժման անցած են օդէն ու ցամաքէն։ Վերջին օրուան ընթացքին դէպքերուն զոհ գացած է քաղաքային անձ մը։ Ութ հոգի ալ վիրաւորուած է։ Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան զօրքերուն միջեւ ծագած արիւնալի բախումները խլած են զոհեր։ Ընդդիմադիր զօրքերէն 22, իսկ կառավարական ուժերէն 19 հոգի զոհուած է բախումներուն հետեւանքով։

Ստեղծուած բարդ իրավիճակին մէջ ծնունդ առած է նաեւ գաղթականաց նոր ալիք մը։ Կը հաղորդուի, որ մօտաւորապէս 6 հազար հոգինոց զանգուած մը շարժման անցած է դէպի Թուրքիոյ սահմանամերձ ճամբարները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020