ՎԵՐՍԱՅԻ ՊԱԼԱՏԸ ԲԱՑԱՒ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ

Ֆրանսայի մէջ այցելութիւններու համար բացուած է Վերսայի պալատական համալիրը։ Այսպէս, Ֆրանսայի մէջ յունիսի 6-էն սկսեալ այցելութիւններու համար բացուած է հռչակաւոր Վերսայի պալատական համալիրը: Երկրի իշխանութիւններու որոշմամբ՝ այս հսկայածաւալ տարածութիւնը մարտի 13-էն ի վեր փակ էր այցելուներու առջեւ՝ քորոնաժահրի համավարակին պատճառով։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ առաջին անգամ յայտնի թանգարանը փակուած է այսքան երկար ժամանակով՝ 82 օրով: Իր պատմութեան մէջ սա փակուելու երկրորդ երկար ժամկէտն է: Առաջինը կապուած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետ:

Այժմ յունիսի 6-էն սկսեալ պալատական համալիրը վերսկսած է իր աշխատանքը: Ան բաց է տեղական ժամանակով առաւօտեան 09.00-էն մինչեւ երեկոյեան 18.30-ը: Խմբային այցելութիւնները կը թոյլատրուին յունիսի 10-էն սկսեալ:

Առայժմ խումբին մէջ պէտք է ըլլայ առ առաւելն 10 հոգի:

Ինչպէս ծանօթ է, Վերսայի պալատը Ֆրանսայի թագաւորներու նստավայրն էր:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020