ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ տագնապալի սպասումը կը շարունակուի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ որոշ կայունութիւն մը ունենալու յոյսեր թէեւ ի յայտ կու գան, սակայն իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Այդ յոյսերը, ըստ երեւոյթին, պայմանաւորուած են առողջացած վարակեալներու թիւի աճով, ինչ որ կը ցոլացնեն վերջին վիճակագրական տուեալները։ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ երէկ յայտնեց, որ սա համավարակի դէմ պայքարի ռազմավարութեան փոփոխութեան արդիւնքը կը համարուի։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու հետ։ Նախագահական ապարանքէն ներս բացօթեայ կազմակերպուած այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ նախարար Արսէն Թորոսեան։ Ըստ Արմէն Սարգսեանի, այս պահուն բժիշկի ուղիղ խօսքի սպասում մը խնդրոյ առարկայ է։ «Ախտորոշում» մը պէտք է ըլլայ ու պէտք է ըսուի՝ ինչը լաւ է, ինչը վատ է եւ ինչ պէտէ ընել։ «Մեր մօտեցումները պէտք է ըլլան ո՛չ թէ դրուագային՝ այս պահու առկախ խնդիրը լուծելու վերաբերեալ՝ այլեւ համակարգուած», ըսաւ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային քննարկման ընթացքին։