ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍԻ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր պիտի մասնակցի Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական զօրահանդէսին։
Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան եւ ընտանիքի անդամները վերջերս վարակուած էին քորոնաժահրով։ Երեւանի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ վարչապետի եւ ընտանիքի անդամներու դարմանման գործընթացը աւարտած է բարեյաջող։ Անոնք արդէն ապաքինած են եւ իրենց վերջին քննութիւններու արդիւնքը ապացուցանած է, թէ Փաշինեան եւ ընտանիքը առողջացած են։ Վարչապետը զուգահեռաբար տեղեկացուց, որ կը վերադառնայ լիարժէք աշխատանքի։ Ի լրումն այս բոլորին, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան երէկ հաղորդեց, որ յառաջիկայ 24 յունիսին վարչապետը Մոսկուա պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար զօրահանդէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, Մոսկուայի աւանդական այդ զօրահանդէսը ամէն տարի սովորաբար տեղի կ՚ունենար մայիսի 9-ին, սակայն այս տարի քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով յետաձգուած է նոր թուականի մը։ Ներկայ ամսուան սկիզբին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Նիկոլ Փաշինեան ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին եւս օրակարգի վրայ եկած էր համապատասխան հրաւէրը։
Հարկ է նշել, որ յոբելենական զօրահանդէսին Հայաստանէն պիտի մասնակցի շարասիւն մը, որ 75 հոգիէ պիտի բաղկանայ։ Հայկական այդ շարասիւնը պիտի պարզէ «Թամանեան» բաժանմունքի մարտական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները։