ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդատուութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ տեղի ունեցան բանակցութիւնները, որոնց առթիւ Անգարա եւ Մոսկուա բարձր գնահատեցին այն միացեալ կեդրոնը, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ հաստատուած հրադադարի մշտադիտարկման համար։ Ռուս-թրքական բանակցութիւնները տեղի ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Ռուսական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէին նոյնպէս Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներ՝ Սերկէյ Վերիշքին, Ալեքսանտր Կրուշքօ եւ Անտրէյ Ռուտենքօ։

Անդրկովկասի, Ուքրայնայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ առկայ իրավիճակներու քննարկման համատեսքին մէջ հաստատուած է այդ տարածքաշրջաններէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղեալ ջանքերու միաւորման տրամադրութիւնը։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, բանակցութիւններու ընթացքին բարձր գնահատականի արժանացած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու կանխման ու վերահսկման նպատակով հաստատուած համատեղ կեդրոնի գործունէութիւնը։ Թրքական եւ ռուսական կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի շարունակուին աշխատանքները Անդրկովկասէ ներս տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ 

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, կողմերը հակամարտութիւններու քաղաքական կարգաւորման հեռանկարներու զանազան երեսակները քննարկած են բանակցութիւններուն ժամանակ՝ մինչ առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձած է Սուրիոյ տագնապը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումով շահագրգռուած են նաեւ թէ՛ իր երկիրը եւ թէ Թուրքիան եւ Իրանը, որոնց կարծիքը նոյնպէս հաշուի պէտք է առնուի բանակցային գործընթացէն ներս։

Ռուս նախարարը միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է սորվին ապրիլ՝ որպէս լաւ հարեւաններ։ Ան միեւնոյն ժամանակ խորհուրդ տուաւ, որպէսզի Երեւանէն եւ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու փոխարէն, հասարակ մարդոց կեանքը բարելաւելու ուղղութեամբ ջանքեր գործադրուին։ Լաւրով շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը պէտք է աւարտէր աւելի շուտ, քան հաստատուած հրադադարը։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ առկայ սահմանային հակամարտութիւններուն, ապա, Լաւրովի խօսքով՝ անոնք որեւէ կապ չունին Արցախի հետ։ Ան կարեւորութեամբ մատնանշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումով շահագրգռուած են ո՛չ միայն այդ երկու պետութիւնները, այլեւ՝ Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը։ Այս վերջիններուն կարծիքը բանակցային գործընթացին մէջ նոյնպէս հաշուի պէտք է առնուի։

Բաց աստի, Սերկէյ Լաւրով դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պէտք է համաձայնեցուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Շատեր ներկայիս կը խօսին այն մասին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը կը մնայ չլուծուած։ Սա պէտք է վերջնականապէս համաձայնեցուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք այս փուլին, հաւանաբար, պէտք է ո՛չ թէ արթնցնեն կարգավիճակի հարցը, այլ պէտք է նպաստեն վստահութեան միջոցներու ամրապնդման, մարդասիրական հարցերու լուծման, որպէսզի հայերն ու ատրպէյճանցիները կրկին միասին ապրին անվտանգութեան եւ տնտեսական բարեկեցութեան պայմաններուն մէջ։ Ես ձեզ կը վստահեցնեմ՝ եթէ կարողանանք նման կեանք հաստատել, քանի մը տարի անց կարգավիճակի վերաբերեալ բոլոր խնդիրները կը լուծուին շատ աւելի դիւրին», ըսաւ ռուս նախարարը եւ աւելցուց, որ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցոթեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը նոյնպէս նուիրուած է այս հարցերուն։ Ըստ Լաւրովի, եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը պիտի որոշուի առաջին հերթին այն հանգամանքով, թէ որքան այդ ապաշրջափակումը ուղղակիօրէն պիտի նպաստէ բարելաւել մարդոց կեանքը։ Այդ եռակողմանի քննարկումներուն թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Իրանի շահերը միանշանակ հաշուի կ՚առնուին, այլապէս այդ բոլորը առաւելագոյն արդիւնքը չեն կրնար տալ։

Լաւրովի համոզմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի մասին խօսիլը տեղին պիտի ըլլայ երկու-երեք տարի վերջ։ Ներկայիս, ըստ Լաւրովի, Ռուսաստանի խաղաղապահները կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը։ Խոշոր դէպքեր ընդհանրապէս չեն պատահիր եւ այս բանը թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի կողմէ կ՚ընդունուի։ Լաւրով աւելցուց նաեւ, որ կայունացնող եւ օգտակար դեր կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի դրութեան դիտարկման համար հաստատուած ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021