ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ՆՈՐ ԲԱԽՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբաթ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի այցելեն Շուշի։ Երէկ, ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած երկու կարեւոր ուղեւորութիւններու։ Այդ ճամբորդութիւններէն առաջինը Էրտողան պիտի իրականացնէ դէպի Պրիւքսել, ուր նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Բացի այդ գագաթաժողովին մասնակցելէ, Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Էրտողանի հանդիպումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ։ Էրտողան յայտնեց, որ Պրիւքսելէն վերջ պիտի անցնի Պաքու։ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքի շփումներէն վերջ, Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ այցելութիւն մըն ալ նախատեսուած է դէպի Շուշի։ «Բռնագրաւումէ փրկուած Ատրպէյճանի քաղաքներէն մին է Շուշին, ուր պիտի այցելենք ընտանեօք՝ թէ՛ մեր պաշտօնական հանդիպումները իրականացնելու եւ թէ այլ այցելութիւններ կատարելու համար։ Բարեկամ ու եղբայրական Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները մեր երկրին ալ զօրակցութեամբ ազատագրուած են։ Սա Հայաստանի գլխաւորութեամբ տարածքաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար նոր շրջանի մը դռները բանալու հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ։ Մեր մաղթանքն է, որ այս հնարաւորութիւնը չմսխուի, տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհին ամենալաւ ձեւով արժեւորուի», ըսաւ Էրտողան։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան նշեց, որ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին թափ պիտի տայ՝ համատեղ երկխօսութեան գետինը զարգացնելու ուղղեալ աշխատանքներուն։ Պաքուի մէջ Էրտողան պիտի տեսակցի նաեւ այն թուրք զինուորականներուն հետ, որոնք Ատրպէյճանէ ներս գործունէութիւն կը ծաւալեն։

Երէկուան ելոյթին ընթացքին Էրտողան երկրի օրակարգի զանազան խնդիրներուն անդրադառնալու ժամանակ կանգ առաւ նաեւ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ դէմ կազմակերպուած արշաւանքները առաւել չափով խրախուսած կազմակերպութիւններէն մին է ՖԵԹԷՕ-ն։ Հինէն ի վեր Արեւմուտքէ ներս ձեռքերը արիւնոտ հայկական կազմակերպութիւններու մնացորդացներն ալ նման աշխատանքներ կը տանին եւ այդ ամբողջին մէջ նախագահ Էրտողան երէկուան ելոյթին ժամանակ արժեւորում մը ըրաւ այդ բոլորը նոյն ամբողջին մէջ դասելով։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021