ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱԴԻՐ՝ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը երկու երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի իրենց զօրքերը ետ քաշեն սահմանակից գօտիներէն։

Ֆիլիփ Ռիքէր, որ ներկայիս ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս, Թիֆլիզ այցելելէ վերջ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ քաղաքացիական հասարակութեան զանազան ներկայացուցիչներու հետ։ Ան արդէն Պաքուի շփումները աւարտելէ վերջ անցաւ Երեւան, ուր այս առաւօտ Հայաստանի կառավարութենէն ներս ընդունուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ 

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ֆիլիփ Ռիքէր Պաքուի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան զօրքերը ետ քաշեն սահմանագիծէն եւ սահմանազատման հարցերը լուծեն խաղաղ ճանապարհով։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շատ կեանքեր խլած է եւ ամերիկեան կողմը շատ կը մտահոգուի նոր լարուածութեան հաւանականութենէն։ Ֆիլիփ Ռիքէր, միեւնոյն ժամանակ, կողմերուն կոչ ուղղեց հակամարտութեան երկարատեւ կարգաւորման համար որքան հնարաւոր է արագ սկսիլ առարկայական բանակցութիւններու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ պատրաստ է նպաստելու ո՛չ միայն բուն հակամարտութեան կարգաւորման, այլեւ հետեւանքներու յաղթահարման, ներառեալ մարդասիրական հարցերը։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին զանազան հարցումներու ի պատասխան՝ Ֆիլիփ Ռիքէր յայտնեց, որ Էնթընի Պլինքըն եւ նախագահ Ճօ Պայտըն շատ յստակ հասկնալի դարձուցած են, որ Ուաշինկթըն մտադիր է մասնակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան լուծում մը գտնելու գործընթացին։ Ամերիկեան կողմը մտադիր է նաեւ այդ ջանքերը շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ։ Անդրադառնալով տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ դերակատարութեան ուժեղացման՝ Ֆիլիփ Ռիքէր նշեց, որ Թուրքիա ԱՄՆ-ի դաշնակիցն է։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու համագործակցութեան հարցերը պիտի գտնուին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ նախագահ Ճօ Պայտընի յառաջիկայ հանդիպման օրակարգին վրայ։ «Մենք թէեւ տարաձայնութիւններ ունինք, բայց մենք զանոնք կը լուծենք դիւանագիտական ճանապարհով», նշեց Ֆիլիփ ՌիքէրՊաքուի մէջ։ 

Հարկ է նշել, որ Ֆիլիփ Ռիքէրի տարածքաշրջանային այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ուղեկցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆըր։ Այս վերջինը եւս պատասխանեց հարցումի մը՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս խաղաղարարներ տեղակայելու ուղղութեամբ Ռուսաստանի մենաշնորհ մը ունենալու հարցին շուրջ։

Ամերիկացի դիւանագէտը յայտնեց, որ կրակը դադրեցնելու ուղղեալ եռակողմանի համաձայնութիւնը ստորագրած են կողմերը, որոնք հրաւիրած են ռուս խաղաղապահները։ «Մենք կ՚ողջունենք հրադադարը եւ կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք կատարել իրենց պարտաւորութիւնները։ Այս փաստաթուղթը կ՚ենթադրէ խաղաղապահներու հնգամեայ ներկայութիւն։ Շատ կարեւոր է, որ երկու կողմերը այդ ժամանակը օգտագործեն կայուն խաղաղութիւն մը հաստատելու համար։ Տուեալ գործընթացին մէջ հաւանական է ներգրաւուին այլ մասնակիցներ եւ ուժեր, բայց այդ մասին կարելի է խօսիլ հինգ տարի վերջ», ըսաւ Պաքուի մէջ Էնտրու Շեֆըր։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021