ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ. «ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՔԱՆ ԹԱՆԿ ՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆ Է, ՈՐ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ»

Մեծն Կոմիտասի խորհուրդով համակուած ենք այս երեկոյեան բոլորս։ Եզակի երեկոյթի մը մասնակիցներն ենք՝ եթէ ոչ պատմական իրադարձութեան մը։

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը ահա՛ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Տարեդարձ մը, որ կ՚իմաստաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան մօտաւոր անցեալի 30-ամեակով եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնադրութեան այժմու 30-ամեայ յոբելեանով։ Երկու տասնամեակէ ի վեր Իսթանպուլի մէջ կը գործէ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր կարգավիճակը, ան եղած է ու կը մնայ պոլսահայութեան տեսակէտէ այնքան թանկ ու կարեւոր այն լուսաւոր պատուհանը, որ կը բացուի Հայաստանի վրայ։ Հակառակ քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր անելներուն, այս մշտական ներկայացուցչութիւնը բարձր ձգողականութիւն ունեցած է պոլսահայութեան տեսակէտէ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու երանելի բնականոնացման յոյսերու փայփայման ճանապարհին։ Մեր քաղաքի հայկական դիւանագիտական այս միակ կառոյցը այսօր արդէն երկրորդ մեծ նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչէ, 2017 թուականի համերգէն վերջ։ Այդ առաջին՝ նոյնիսկ աներեւակայելի քայլը այսօր արդէն կ՚ունենայ շարունակութիւն մը։ Իրականութեան մէջ սա տրամաբանական շարունակութիւն մըն է, սակայն, մեզմէ շատերուն համար դարձեալ աներեւակայելի՝ հասկնալի պատճառներով։

Ու մենք այսօր առկայ կարելիութիւններու եւ անկարելիութիւններու խաչմերուկին՝ մեր քաղաքին մէջ ահա՛ կը հիւրընկալենք «Կոմիտաս» ազգային քառեակը։ Սա միայն դասական երաժշտութեան երեկոյթ մը չէ՛, սա միայն համերգ մը չէ, այլեւ այդ բոլորէն շատ աւելին։ Մեր մտքին ու սրտին մէջ այսօր կայ Մեծն Կոմիտաս վարդապետը, որու ոգին վստահաբար այսօր կը թեւածէ այս սրահին մէջ։ Պատճառը միայն այն չէ, որ համերգի հրաւիրուած աշխարհահռչակ ազգային քառեակը կը կրէ անոր անունը։ Պատճառը այն է, որ Կոմիտասը շատ բան կը նշանակէ հայութեան համար։ Եւ այդ նշանակութիւնը, խորքայնութիւնը կը պարփակէ մեր այս երեկոյթին վերաբերեալ ամէն ինչ՝ սկսելով միահիւսուած տարեդարձներէն, մինչեւ այս համերգի խորհրդանշած այլ բազում հանգամանքները։

Կոմիտասը հայոց հաւաքական յիշողութիւնն է, իր խորհուրդը մեզ կը հասցնէ իրմէ հազարամեակներ առաջ սկիզբ առած պատմութեան մը խտացման, բոլոր ելեւէջներով ու բոլոր երեսակներով։ Կոմիտասը հայոց վերապրելու ընդունակութեան խորհրդանշանն է՝ իր վկայած կամ չվկայած բոլոր ժամանակներու արհաւիրքներէն վերջ իր մէջ վեր յառնելու ուժ գտած ժողովուրդի մը հարազատ զաւակը, որու մեղեդիները կը ճառագայթեն յարատեւութեան ոլորապտոյտ ճանապարհներուն վրայ։ Կոմիտասը խորհրդանշանն է հայ մարդու հաւատի անսասանութեան՝ իր Հայրապետական մաղթանքով արտայայտուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինով։ Կոմիտասը կը մարմնաւորէ հայ մարդու ձգտումը առ Հայաստան, որու ճանապարհը բռնած է տակաւին երիտասարդ տարիքին, այնտեղ կատարելագործած է իր մայրենին եւ այնտեղէն սկսած՝ նպատակասլաց թեւածել հորիզոնէ հորիզոն։ Կուտինայի մէջ սկսած ու Փարիզի մէջ վերջացած կեանքի ոդիսականով՝ Կոմիտասը խորհրդանշանն է հայ ժողովուրդի համակեցութեան յամառ ջանքերուն՝ ամբողջ Փոքր Ասիոյ տարածքին իր ծաւալած գեղարուեստական գործունէութեամբ բազում ժողովուրդներու մշակոյթին բերած անգնահատելի ներդրումով։ Կոմիտասի խորհուրդը կը պարփակէ հայ ժողովուրդի արդար խաղաղութեան ձգտումը՝ զանազան ազգերու հետ, զանազան միջավայրերու մէջ իր ստեղծած գերազանց համագործակցութեան օրինակներով եւ արժանացած բարձր գնահատականով հանդերձ։ Կոմիտասի խորհուրդը անմիջականօրէն առընչուած է նաեւ պոլսահայութեան հետ։ Արդարեւ, իր թողած ժառանգութիւնը ուղղակիօրէն պայմանաւորած կարեւոր էջերը գրի առնուած են մեր քաղաքին մէջ՝ այստեղ ստեղծած երգչախումբերով, այստեղ կազմակերպած ելոյթներով եւ այստեղ մեզի աւանդ մնացած դաշնակով։ Վերջապէս Կոմիտասի խորհուրդը կ՚առընչուի կերպարի մը հետ, որու միջոցաւ ուրիշ ազգեր ու ժողովուրդներ կը ճանչնան հայերը՝ արժէքներով, կենցաղով ու ճաշակով, մարդկութեան մեծ գանձանակին ներդրուած կարեւոր լումաներով հանդերձ։

Կոմիտասի խորհուրդը այսօր ալ կը պայմանաւորէ նաեւ այս դահլիճին մթնոլորտը։ Այստեղ կը հնչէ իր եւ ուրիշներու երաժշտութիւնը՝ համանուն ազգային քառեակի կատարումներով։ Մենք այսօր կը վայելենք «Կոմիտաս» ազգային քառեակը, բայց եւ այնպէս, սա մակերեսային հաճոյքէ մը, հաճելի ժամանցէ մը կամ բարձրորակ դասական երաժշտութեան հետ վերանալու առիթէ մը շատ աւելին է։ «Կոմիտաս» ազգային քառեակին հետ մենք այսօր վերստին հաղորդ կը դառնանք Կոմիտասի ոգիին, մեծ վարդապետի խորհուրդին, որ մեզի կը բերէ մեր պատմութեան պատգամը, մեր ժառանգութեան ուժը, որպէսզի մենք շարունակենք մեր յամառ ուղեւորութիւնը ժամանակներու մէջ, հայեացքը Հայաստանին սեւեռած, հայու դիմագիծով յարատեւելու համար՝ գիտակցելով, թէ միայն պետութիւն մը ունենալու ընձեռած երաշխաւորումը կ՚ապահովէ հայկական մշակոյթի այն բարձր ձգողականութիւնը, որով բոլորս մեր ապրած անկիւններուն կրնանք տարբեր քաղաքացիութիւններ ունենալով գոյատեւել հայկական ուրոյն ինքնութեամբ։ Եւ այսօր հերթական անգամ կը համոզուինք, թէ Կոմիտասի ոգին ու խորհուրդը կրնանք արժեւորել միայն խաղաղութեան միջավայրի մէջ։

Հուսկ, այս երեկոյթի կարգադիր յանձնախումբի մեր բոլոր ընկերներուն անունով, մեր բոլորին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար խորազգած երախտագիտութիւն կը յայտնենք Նորին Գերազանցութիւն Մշտական ներկայացուցիչ տիար Սահակ Սարգսեանին եւ ներկայացուցչութեան իր գործակից ընկերներուն։

Ուրեմն, ողջո՜յն Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան տարեդարձին, ողջո՜յն «Կոմիտաս» ազգային քառեակին եւ ողջո՜յն Մեծն Կոմիտասի խորհուրդին։

  

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022