ԵՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ 6 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Եւ­րո­միու­թիւ­նը այս տա­րուան հա­մար 6 մի­լիոն եւ­րօ դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու զար­գաց­ման նպա­տա­կով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­միու­թեան Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս գու­մա­րը Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տրա­մադ­րուած է Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու զար­գաց­ման եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան ծրագ­րին շրջագ­ծով։

Հաս­տա­տե­լով սոյն գու­մա­րին փո­խան­ցու­մը՝ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԵՄ-ի ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Թրա­յան Խրիս­տէա շնոր­հա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը՝ ան­ցեալ տա­րի գիւ­ղատն­տե­սա­կան ո­լոր­տի վե­րա­բե­րեալ ներ­կա­յա­ցուած ընդ­հա­նուր պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւած ըլ­լա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Ես կը հասկ­նամ, որ ներ­կա­յիս կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին յա­ջորդ կա­րե­ւոր քայ­լե­րը. ինչ­պէս՝ գիւ­ղատն­տե­սա­կան զար­գաց­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան միջ­նա­ժամ­կէտ վե­րա­նա­յու­մը, ո­րու հի­ման վրայ երկ­րորդ փու­լին պէտք է մշա­կուի 2015-2025 թուա­կան­նե­րու նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ Ես կա­րե­ւոր կը հա­մա­րեմ, որ այս գոր­ծըն­թա­ցը ու­նի յստակ նպա­տակ­ներ, ար­դիւնք­ներ եւ ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ա­ւար­տին հաս­ցուած է ժա­մա­նա­կին», ը­սաւ Թրա­յան Խրիս­տէա։

Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը տա­կա­ւին ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին հաս­տա­տած էր Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար 25 մի­լիոն եւ­րօ ելմ­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան տրա­մադ­րու­մը։ Այս ծրա­գի­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի ե­րեք տա­րիով եւ ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէն պի­տի հա­մալ­րուի 20 մի­լիոն եւ­րո­յով՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու կա­յուն զար­գաց­ման հա­մար։ Եւս 5 մի­լիոն եւ­րօ ա­ռան­ձին պի­տի տրա­մադ­րուի Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ գիւ­ղատն­տե­սա­կան խում­բե­րուն։

ՎԵ­ՐԱ­ՏԵ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը քուէ­նե­րու ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ բա­նա­ձե­ւի մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուի­լը։ Այս նոր նա­խագ­ծին մէջ շեշ­տուած է, թէ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ ա­ռա­ւել ռազ­մա­վա­րա­կան եւ ճկուն ու հա­շուի առ­նէ իւ­րա­քան­չիւր տա­րած­քաշր­ջա­նի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ի­րար­մէ տար­բեր ձգտում­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րը։

Բա­նա­ձե­ւին մէջ վկա­յա­կո­չուած են ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ըն­դու­նուած հռչա­կագ­րի դրոյթ­նե­րը եւ կոչ ուղ­ղուած է գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րուն՝ որ­պէս­զի հաս­նին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ։ Ընդգ­ծուած է նաեւ, թէ ԵԱՀԿ՝ որ­պէս անվ­տան­գու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու խո­շո­րա­գոյն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն, պէտք է շա­րու­նա­կէ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նալ այս ա­ռու­մով։

Հայ­կա­կան կող­մը մշտա­պէս շեշ­տած է Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ դրոյթ­նե­րուն մէջ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի սկզբուն­քին յի­շա­տակ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը այս բա­նա­ձե­ւով որ­դեգ­րած է հա­ւա­սա­րակշ­ռուած մօ­տե­ցում հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015