ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մե­լու պաշ­տօ­նը յանձ­նեց ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուին։ Այս վեր­ջի­նը, որ ներ­կա­յիս ար­դէն կը զբա­ղեց­նէ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը, աշ­խա­տան­քի պի­տի ձեռ­նար­կէ ձե­ւա­ւո­րե­լու հան­րա­պե­տու­թեան 63-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։ Ան­գա­րա­յի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­սակ­ցու­թիւն մը կա­յա­ցաւ Էր­տո­ղա­նի եւ Տա­վու­տօղ­լուի մի­ջեւ եւ այս հի­ման վրայ ալ յանձ­նուե­ցաւ պաշ­տօ­նը։

Այս­պէ­սով, Յու­նիս 7-ին կա­յա­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ե­րե­սու­ներ­կու օր վերջ պաշ­տօ­նա­պէս սկսաւ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի դի­ւա­նի ձե­ւա­ւոր­ման զու­գա­հեռ ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս սկիզբ ա­ռաւ նաեւ նոր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի կազ­մա­ւոր­ման աշ­խա­տան­քը։ Այժմ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը հա­մա­խո­հու­թիւն մը կազ­մե­լու ո­րոն­ման մէջ պի­տի ըլ­լայ։ Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուը­նէ սկսեալ խորհր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ պի­տի մէկ­տե­ղուի Տա­վու­տօղ­լու։ Այս ա­ռա­ջին շփում­նե­րով թէեւ դժուար թէ վերջ­նա­կան ար­դիւն­քի մը հաս­նիլ հնա­րա­ւոր ըլ­լայ, սա­կայն ար­դէն այս փու­լին կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ սկզբնա­կան ազ­դան­շան­ներ ու­նե­նալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մտադ­րու­թեան եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան աս­տի­ճա­նին շուրջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին Տա­վու­տօղ­լու ա­ռա­ջին հեր­թին պի­տի մէկ­տե­ղուի ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ Պի­տի յա­ջոր­դեն ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չէ­լիի եւ ՀՏՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Սե­լահատ­տին Տէ­միր­թա­շի հետ հան­դի­պում­նե­րը։

Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ քա­ռա­սուն­հինգ օ­րուան ժամ­կէտ մը նա­խա­տե­սուած է նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար։ Ըստ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն, ե­թէ Տա­վու­տօղ­լու չկա­րե­նայ անհ­րա­ժեշտ ար­դիւն­քը ու­նե­նալ, ա­պա Էր­տո­ղան մտա­դիր է պաշ­տօ­նը յանձ­նե­լու Քը­լըչ­տա­րօղ­լուին։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը չի նա­խա­տե­սեր Պահ­չէ­լիին կամ Տէ­միր­թա­շին պաշ­տօն յանձ­նել։ Հե­տե­ւա­բար, Տա­վու­տօղ­լու կը ծրագ­րէ եր­կու-ե­րեք շաբ­թուան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը օգ­տա­գոր­ծել նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար, իսկ ար­դիւնք մը չու­նե­նա­լու պա­րա­գա­յին մտա­դիր է պաշ­տօ­նը վե­րա­դարձ­նե­լու՝ որ­պէս­զի ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետն ալ անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նա­կը ու­նե­նայ աշ­խա­տե­լու հա­մար։

Հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու գոր­ծըն­թա­ցի ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խին Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու դրա­կան պատ­գամ­ներ կը փո­խան­ցէ թէ՛ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ թէ հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Ան յայտ­նեց, թէ ի­րենք պատ­րաստ են ձեռ­նուե­լու եւ ճա­նա­պարհ­նե­րը փա­կուե­լու փո­խա­րէն պէտք է բա­ցուին։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան խորհրդա­րա­նա­կան խմբա­կի ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ թա­փան­ցիկ ձե­ւով յա­ռաջ պի­տի տա­նին տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ու պի­տի ըլ­լան շի­նիչ։ Ման­րա­մասն խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ պի­տի ծա­ւալուին, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լայ հաս­նիլ ա­ռողջ գոր­ծըն­կե­րու­թեան մը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ շաբթուան երկ­րորդ կէ­սին Թուր­քիա Րա­մա­զա­նի տօ­նի ար­ձա­կուր­դին մէջ պի­տի գտնուի, Տա­վու­տօղ­լու կը նա­խա­տե­սէ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին ար­դէն ի­րա­կա­նաց­նել ա­ռա­ջին շփում­նե­րը եւ շա­րու­նա­կու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ քայ­լե­րը պի­տի առ­նուին՝ ստեղ­ծուե­լիք մթնո­լոր­տին հա­մե­մատ։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէ­կուան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կոչ ուղ­ղեց նաեւ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն, որ­պէս­զի միաս­նա­բար յար­գա­լից ոճ մը որ­դեգ­րուի, ցու­ցա­բե­րուի շի­նիչ մօ­տե­ցում եւ կան­խա­կալ կար­ծիք­ներ յա­ռաջ չքշուին։ Ան յոյս յա­յտ­­նեց, թէ բո­լոր կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը կը տե­սակ­ցին ա­ռանց հո­գե­բա­նա­կան պատ­նէշ­նե­րու եւ ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թեան ո­գիով։ Ըստ Տա­վու­տօղ­լուի, կա՛մ Թուր­քիա շատ ա­ռողջ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը պի­տի ու­նե­նայ եւ կամ ան­գամ մը եւս պի­տի դի­մէ ազ­գի կամ­քին։

«Վճռակամ ձեւով պիտի շարունակենք մեր ճանապարհը», նշեց Տավուտօղլու։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015