ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ԵՒ ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ ԱՒԱՐՏԱԾ

Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ե­րէկ հեր­թա­կան բո­ղո­քի ցոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հան­րա­հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը զգա­լիօ­րէն նուազ էր նա­խորդ­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։

«Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ջան­քե­րով ծնունդ ա­ռած բո­ղո­քի ա­լի­քին յա­ջոր­դած ներ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ, ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան հա­ւա­քի հա­մա­կար­գող խում­բին ան­դամ­նե­րը։ Ըստ էու­թեան, ե­լոյթ ու­նե­ցող­նե­րը նա­խորդ­նե­րուն նման բո­վան­դա­կու­թեամբ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան։

Հան­րա­հա­ւա­քի սկսե­լէն ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­պեան մօ­տե­ցաւ հա­մա­կար­գող խում­բի ան­դամ­նե­րուն եւ յոր­դո­րեց զերծ մնալ ա­պօ­րի­նի երթ մը կազ­մա­կեր­պե­լու միտ­քէն եւ ժո­ղո­վուր­դը ար­հես­տա­կան բախ­ման տա­նե­լէ։

Հա­մա­կար­գող խում­բի ան­դամ­նե­րէն Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեանն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ կը դադ­րեց­նէ վեր­ջին օ­րե­րուն ձեռ­նար­կած հա­ցա­դու­լը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան յայտ­նի հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Ա­նա­հիտ Բախ­շեա­նի գնա­հա­տան­քին ար­ժա­նա­ցաւ։ Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեան յայտ­նեց, որ յա­ջորդ հան­րա­հա­ւա­քը նա­խա­տե­սուած է յա­ջորդ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Հա­մա­կար­գող խում­բի ան­դամ­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին նաեւ, թէ կը դադ­րեց­նեն ի­րենց նստա­ցոյ­ցը եւ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց քայ­լե­րը ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­զեկ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015