Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԻՇՏ ԶԳԱԼԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Լոնտոն կատարած այցելութեան շրջագծով տեսակցեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Անգլիոյ մասնաճիւղի անդամներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ շարք մը նախագծերու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Բակօ Սահակեան նշեց, թէ Արցախ միշտ կը զգայ ՀԲԸՄ-ի աջակցութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ իր հայրենանուէր գործունէութիւնը։
Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015