ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան ընթերցեց Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը: Այնուհետեւ յայտնեց, թէ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին ներդրած իր աւանդին համար «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմինէ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետայլով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով պարգեւը խմբագիրին յանձնեց Տիգրան Գէորգեան:

Պօղիկեան խօսք առնելով, նախ շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին զինք նման պարգեւի մը արժանացնելուն համար՝ աւելցնելով որ նման պարգեւատրում մը պատիւ է, միաժամանակ մղիչ ուժ՝ աւելի աշխոյժ թափով աշխատելու թէ՛ հայկական մամուլի եւ թէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ծառայող ոլորտներէն ներս: Այնուհետեւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Տիգրան Գէորգեանին եւ հայրենի թէ սփիւռքահայ բոլոր այն լրատուամիջոցներուն, որոնք պատերազմի տարիներուն կիսեցին տագնապը, մնայուն կապի մէջ մնացին խմբագրութեան հետ ու սատար հանդիսացան տեղեկատուական ճշգրիտ փոխանակման:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017