ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՆ ՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ

Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լեւատա-կեդրոն» ռուսական հետազօտական կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Ռուսաստանի 5 բնակիչներէն մէկը (21 առ հարիւրը) կը կարծէ, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 17 առ հարիւրը ճիշդ հակառակը պնդած է, իսկ 54 առ հարիւրը տակաւին փոփոխութիւն չի տեսներ:

Հարցախոյզին մասնակիցները Ռուսաստանի մտերիմ բարեկամ նկատած են Սպիտակ Ռուսիան (46 առ հարիւր), Չինաստանը (39 առ հարիւր) եւ Ղազախիստանը (34 առ հարիւր): Ռուսաստանի համար բարեկամական երկիրներու շարքին են նաեւ Սուրիան (15 առ հարիւր), Հնդկաստանը (14 առ հարիւր), Հայաստանը (12 առ հարիւր), Քուպան (11 առ հարիւր), Էօզպեքիստանը, Տաճիկիստանը եւ Ատրպէյճանը (9 առ հարիւրական): Ռուսերը իրենց երկրի գլխաւոր թշնամիները նկատած են Միացեալ Նահանգները (69 առ հարիւր), Ուքրայնան (50 առ հարիւր), ինչպէս նաեւ Գերմանիան (24 առ հարիւր): Բացի ատկէ, հարցախոյզին մասնակիցները Ռուսաստանի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած կը նկատեն Լաթվիան եւ Լիթուանիան (իւրաքանչիւրը՝ 24 առ հարիւր), 21 առ հարիւրը՝ Լեհաստանը, 16 առ հարիւրը՝ Էսթոնիան, 15 առ հարիւրը՝ Բրիտանիան, 9 առ հարիւրը՝ Վրաստանը, 8 առ հարիւրը՝ Ֆրանսան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017