ՄԵԾ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Թուրքիա երէկ պատմական օր մը ապրեցաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ կատարեց իր երդումը եւ հանդիսաւորապէս ստացաւ իր ընտրութեան վկայականը։ Այսպէսով երկրէն ներս պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախագահական կառավարման համակարգը։ Սա մեծ անկիւնադարձ մըն է երկրին տեսակէտէ եւ այդ անկիւնադարձը կը զուգորդուի յաւակնոտ նպատակներով։ Թուրքիա կը ձգտի նոր ու մեծ ոստումներու եւ այդ որոնումներու ճանապարհին պետութեան ղեկը պիտի վարէ Էրտողան, որ 2002 թուականէն ի վեր անընդհատ կը գտնուի իշխանութեան գլուխ, միշտ կը պահէ իր բարձր ժողովրդականութիւնը, փոխած է երկրին ճակատագիրը եւ հիմա արդէն իրեն կը վիճակի անոր առջեւ ապագայ նոր հորիզոններ բանալու պատասխանատուութիւն։

Խորհրդարանի մէջ երդումը կատարելէ վերջ Էրտողան երէկ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Ծաղկեպսակի զետեղումէն վերջ ան ստորագրեց նաեւ պատուոյ տոմարը։

Երեկոյեան ժամերուն Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Էրտողանի պաշտօնակալման արարողութիւնը։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ ղեկավարներու առընթեր բազմահազար հիւրեր մասնակցեցան այս հանդիսաւոր արարողութեան։ Երբ նախագահի պաշտօնական ինքնաշարժը մօտեցաւ պալատ, թնդանօթներ արձակուեցան եւ ան սիրոյ մեծ ցոյցերու մթնոլորտին մէջ մուտք գործեց համալիրէն ներս։ Հազարաւոր ներկաներու առջեւ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը, որմէ վերջ կրօնից տեսուչը արտասանեց աղօթք մը։ Ծրագրի երաժշտական ու հրավառութեան բաժինները կրճատուած էին՝ Չորլուի մէջ տեղի ունեցած գնացքի արկածին հետեւանքով։

Անգարայի երէկուան պատմական հանդիսութեան թրքահայ համայնքին անունով մասնակցեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանն ալ ներկայ էր արարողութեան։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։

Էրտողան պալատին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւնները եւ պաշտօնական ընթրիքով մը պատուեց օտարերկրեայ պետութիւններու ներկայացուցիչները։

Երեկոյեան ժամերուն հրապարակուեցաւ նաեւ նոր նախարարաց խորհուրդի կազմը։ Դահլիճը կը բաղկանայ տասնվեց նախարարէ։ Նշանակուեցաւ նաեւ փոխ-նախագահ մը. յանձինն՝ Ֆուատ Օքթայի, որ վարչապետարանի խորհրդականն էր մինչ այդ։ Էրտողանի դահլիճին մաս կազմեցին հետեւեալ անունները.

Ապտիւլհամիտ Կիւլ (արդարադատութեան նախարար), Մեւլիւտ Չավուշօղլու (արտաքին գործոց նախարար), Սիւլէյման Սոյլու (ներքին գործոց նախարար), Հուլուսի Աքար (ազգային պաշտպանութեան նախարար), Զիյա Սելչուք (ազգային կրթութեան նախարար), Ֆահրետտին Քոճա (առողջապահութեան նախարար), Ֆաթիհ Տէօնմէզ (ուժանիւթի նախարար), Մեհմէտ Ճահիտ Թուրան (հաղորդակցութեան ու ենթակառուցուածքներու նախարար), Մուրատ Քուրում (բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար), Պեքիր Փաքտեմիրլի (գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարար), Մեհմէտ Էրսոյ (մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար), Մեհմէտ Քասապօղլու (երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար), Զեհրա Զիւմրիւթ Սելչուք (աշխատանքի, ընկերային ծառայութիւններու եւ ընտանիքի նախարար), Պերաթ Ալպայրաք (գանձի ու ելմտական նախարար), Ռուհսար Փեքճան (առեւտուրի նախարար), Մուսթաֆա Վարանք (արդիւնաբերութեան ու փորձագիտութեան նախարար)։

Նախագահ Էրտողան այսօր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնները կ՚իրականացնէ դէպի Ատրպէյճան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018