ՍՐԲԱՊՂԾՈՒԹԻ՜ՒՆ

Եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենայ նիստը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան երէկ տեղեկացուց, որ ԳՀԽ-ի ժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուին վերջին օրերու իրադարձութիւնները, որոնց կապակցութեամբ կը ծաւալի քննարկում։ Արդեօք այս նիստը արտահե՞րթ բնոյթ ունի։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան ըսաւ. «Համահայկական երիտասարդական հաւաքի շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ կը գտնուին արտասահմանի հայոց թեմերու ներկայացուցիչներ, որոնց մէկ մասը նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ է։ Այս իսկ պատճառով որոշուեցաւ գումարել ԳՀԽ-ի ժողով»։

Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող եւ վերջին օրերուն դիւանատունը գրաւած իբրեւ թէ ցուցարարները երէկ կը մնային Վեհարանի տարածքէն ներս։ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան երէկ յայտնեց, որ եկեղեցին որեւէ գործողութեան չի ձեռնարկեր անոնց դէմ։

Վեհափառ Հայրապետի բանբերի այս յայտարարութիւններէն վերջ, այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ այդ իբրեւ թէ ցուցարարները դուրս բերուեցան դիւանատունէն։ Մայր Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տարածքի ազատումէն վերջ դիւանատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տունօրհնէք։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Դժբախտաբար, թէեւ Վեհարանի տարածքը ազատուած է, սակայն Մայրավանքի տարածքէն ներս տհաճ ու անբաղձալի երեւոյթները կը շարունակուին։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին զուգահեռ Տրդատի կամարին շուրջ տեղի կ՚ունենայ բողոքի ցոյց մը։ Այսօրուան իրադարձութիւններուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի բաժնի տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Անդրադառնալով Ս. Գեղարդի շուրջ յառաջ քշուած անհիմն պնդումներուն՝ ան ըսաւ. «Ս. Գեղարդի հետ կապուած այն ամէն ինչը, զոր մենք լսեցինք այս օրերուն, պարզապէս զաւեշտալի է։ Մասունքներու, սրբութիւններու դէմ նման կասկածներու սերմանումը պարզապէս սրբապղծութիւն է։ Ես չէի ուզեր առհասարակ անդրադառնալ այդ կասկածներուն, որովհետեւ անոնք զաւեշտալի եւ անհիմն են, բայց կրօնական առումով նաեւ դատապարտելի են։ Մասունքներու, սրբութիւններու դէմ նման յանդգնութիւնը, կասկածներու սերմանումը, պարզապէս սրբապղծութիւն է»։

Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան աւելցուց, որ այդ պնդումները օրակարգի վրայ կը բերուին այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնք իրենց անձնական նուաստ շահերու համար կ՚ընեն այդ յայտարարութիւնները։ Այդ անձերը Ս. Գեղարդին հետ երբեք չեն առընչուած, Ս. Գեղարդով չեն զբաղած եւ անտեղեակ են այն պատմական փաստաթուղթերէն, որոնք կը գտնուին հրապարակի վրայ։ «Պատմական փաստեր, տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, կան հրապարակուած յօդուածներ, կան գիտական նկարագրութիւններ, կայ ի վերջոյ Գեղարդի պատմութիւնը», ըսաւ տէր հայրը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան անդրադարձաւ Մայրավանքի տարածքէն ներս ստեղծուած կացութեան։ Երէկ, երբ դիւանատան տարածքը տակաւին չէր ազատուած, տէր հայրը ըսաւ. «Մայր Աթոռը առաջին իսկ օրէն դիմած է ոստիկանութեան, որ սակայն ցուցարարները չէ հեռացուցած այնտեղէն։ Ոստիկանները տարածքը կը հսկեն, որպէսզի ցոյցի մասնակիցները աւելորդութիւններ չընեն, կը հսկեն նաեւ աւազակային յարձակումներու դէմ, այլ ոտնձգութիւններու դէմ, որովհետեւ Վեհարանի տարածքին կը բնակի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Իրաւապահ մարմինները, սակայն, ցուցարարները չեն հեռացներ այնտեղէն, ինչ որ անհասկնալի է մեզի համար։ Ոստիկանութեան ներկայացուցիչներու մեկնաբանութիւններով՝ իրենք իրաւունք չունին ցուցարարները հեռացնելու զանազան պատճառներով, ինչ որ մեզի համար տարօրինակ է եւ անհասկնալի։ Չէ՞ որ այնտեղ վանք է, Մայր Աթոռը Հայոց Եկեղեցւոյ սեփականութիւնն է եւ մանաւանդ սա Կաթողիկոսի բնակութեան վայրն է եւ հարիւր տոկոսով հանրային տարածք չի համարուիր»։

 «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանի կարգալուծութեան հարցը քննութեան մէջ է եւ վճիռը շուտով պիտի հրապարակուի։ Այդ քննարկումները յառաջ կը տարուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախումբին կողմէ։ Իր խօսքով՝ եթէ Կորիւն աբեղան մնայ անդրդուելի իր ոչ-կարգապահական վարքին մէջ, ապա եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւնը, ըստ ընդունուած կարգին, Կարգապահական յանձնաժողովի մէջ հարցը քննարկելէ եւ վճռելէ յետոյ, այդ մէկը պիտի ներկայացնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեան։ Վեհափառ Հայրապետն է, որ իրաւասութիւն ունի Կարգապահական յանձնախումբի որոշումը հաստատելու եւ իրագործելու։

Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան նաեւ աւելցուց. «Կորիւն աբեղան չի կրնար համարուիլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միաբան ու առհասարակ հոգեւորական։ Ուխտապահ, հաւատքով հոգեւորականը նման յանդգնութիւն, սրբապղծութիւն թոյլ չէր տար ինքզինքին։ Եթէ մենք կը հաւատանք Աստուծոյ, կը կրենք մեր Ս. Եկեղեցւոյ սքեմը ու մեր ճակտին ունինք ձեռնադրութեամբ ու օծմամբ Սրբալոյս Միւռոնով խաչը, մենք այդպիսի արարք երբեք թոյլ չէինք կրնար տալ մենք մեզի։ Ես խիստ կը կասկածիմ, որ ան ճշմարիտ քրիստոնեայ մըն է»։

ԳՀԽ-Ի ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎԸ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակից Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն.-

Այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենայ նիստը։

ԳՀԽ-ի ժողովէն առաջ, այս առաւօտ ժամը շուրջ 08.00-ին, իրաւապահ մարմինները ազատեցին մայրավանքի Վեհարանի հատուածէն ներս գտնուող դիւանատան շրջափակը։ Ոստիկանութիւնը, պատկան իշխանութիւններէն ստացած յատուկ հրահանգի հիման վրայ կատարեց միջամտութիւն մը։ Դիւանատունը գրաւած, շրջակայքին վրաններ լարած իբր թէ ցուցարարները թէեւ ցուցադրեցին որոշ դիմադրութիւն, սակայն ի վերջոյ պարտաւորուեցան ընդառաջել ոստիկանութեան պահանջին։ Ականատեսներու վկայութեամբ՝ ցուցարարներու դիմադրութիւնով հանդերձ, ոստիկանները տեղի չտուին բռնութիւններու յառաջացման։ Այսպէսով այս իբր թէ ցուցարարները տեղափոխուեցան Տրդատի կամարին մօտ։

Երբ սկսաւ ԳՀԽ-ի ժողովը, ոստիկանական ջոկատներ արդէն վերահսկողութիւն հաստատած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ցուցարարները յայտարարեցին, որ պիտի շարունակեն իրենց արարքները, սակայն Տրդատի կամարին մօտ հազիւ քսան հոգի հաւաքուած էր։

ԳՀԽ-ի ժողովի արդիւնքին կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Հաւանական է, որ կատարուի յայտարարութիւն մը։ Չի բացառուիր, որ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան պարագլուխ Տ. Կորիւն աբեղան ալ կարգալոյծ հռչակուի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018