ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԷՄ՝ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ԱՊԱԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼՈՒ ԲԵՐՈՒՄՈՎ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ պաշտպանել Կիպրոսի թուրք ժողովուրդի իրաւունքները։
Ինչպէս ծանօթ է, Միջերկրականի արեւելքին միջոցէ մը ի վեր ծնունդ առած է լարուածութիւն մը՝ Կիպրոսի շրջակայքին կատարուած նաւթի որոնումներուն բերումով։ Յունական Կիպրոս, Յունաստան եւ Ֆրանսա ձեռնարկած են նաւթի որոնման աշխատանքներու, ինչ որ բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուցած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան կողմէ։ Վերջին շրջանին Անգարան ալ նաւթի պաշարներու որոնման աշխատանքներու ձեռնարկած է Կիպրոսի շուրջ։
Նախարարութիւնը այս յայտարարութիւնը ըրած է՝ ակնարկելով Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենթիասի կողմէ տրուած հարցազրոյցի մը։ Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Թուրքիա Միջերկրականի արեւելքին միջազգային իրաւունքի համապատասխան ձեւով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնները, ուստի Տենթիասի այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւնները կը համարուին անընդունելի։
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Յունական Կիպրոս Յունաստանի հետ միասին տարիներէ ի վեր կ՚ապակայունացնէ Միջերկրականի արեւելքը։ Յիշեցուած է, որ Յունական Կիպրոս Եւրոմիութեան անդամակցած է՝ իբրեւ թէ կղզիի ամբողջը ներկայացնելով եւ այս պարագան խոտոր կը համեմատի միջազգային իրաւունքի։ Այդ անդամակցութիւնը Յունական Կիպրոսին չի վերապահեր կիպրացի թուրքերու օրինական իրաւունքներն ու շահերը առգրաւելու։ Նախարարութիւնը օրինակելի համարած է, որ Կիպրոսի թուրքերը չեղեալ կը համարուին։ Նոյն առթիւ զօրակցութիւն յայտնուած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։