ԹՈՒՍՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք երէկ երեկոյեան ժամանեց Երեւան, ուր այսօր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զուարթնոց օդակայանին մէջ Տոնալտ Թուսք դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքի։ Տոնալտ Թուսք այսօր կ՚ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Բաց աստի, Փաշինեան եւ Թուսք միասնաբար կ՚այցելեն Երեւանի Եւրոպայի հրապարակը եւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Տոնալտ Թուսք ներկայիս կ՚իրականացնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը, որու առաջին հանգրուանը եղաւ Ատրպէյճան։ Ան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Թուսք եւ Ալիեւ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Տոնալտ Թուսք յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով պէտք է լուծուի, իսկ Եւրոմիութիւնը կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Թուսք ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ լիակատար աջակցութիւն յայտնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործադրած ջանքերուն, որոնք կեդրոնացած են հարցի արդար ու տեւական լուծման վրայ։ Ըստ Թուսքի, լուծման հիմքին պէտք է գտնուին Հելսինքիի հռչակագրի հիմնարար սկզբունքները։ Յամենայնդէպս, ան հարկ համարեց յատկապէս ընդգծել, որ ԵՄ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։

Պաքուի մէջ Տոնալտ Թուսք նշեց նաեւ, որ Պրիւքսել կը պատրաստուի ջանքեր գործադրել հայ եւ ատրպէյճանական հասարակութիւնները հիմնախնդրի խաղաղ լուծման նախապատրաստելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, ԵՄ պատրաստ է աջակցիլ երկու երկիրներու բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրասելու ուղղեալ յստակ քայլերու։

Ասուլիսի ընթացքին Իլհամ Ալիեւն ալ պնդեց, որ կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթացի բացակայութեան հիմնական պատճառը Երեւանի դիրքորոշումն է։

Տոնալտ Թուսք Երեւանի այսօրուան շփումներէն վերջ պիտի ուղեւորուի Պաթում, Վրաստան։ Վաղը ան մասնակցութիւն պիտի բերէ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեայ յոբելեանին առթիւ այնտեղ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մը։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Էսթոնիայի վարչապետը եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019