«ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Սուրիոյ ապագային համար Մուսկուա կողմնակից է Դամասկոսի վարչակազմի եւ երկրի քիւրտերու միջեւ երկխօսութեան։ Զախարովա ըսաւ.

«Հարիւրամեակներ շարունակ Սուրիա եղած է երկիր մը, ուր զանազան էթնիք եւ կրօնական խումբեր խաղաղ գոյակցութիւն ունեցած են եւ ապահով ապրած։ Սա, հաւանաբար, Սուրիոյ այցէքարտն էր։ Ի հարկէ, սա յարգանքի արժանի է. բան մը, որու մասին բազմիցս խօսած ենք։ Մենք համոզուած ենք, թէ նման պատմական աւանդութիւնները պէտք է ամբողջութեամբ պահպանուին եւ շարունակուին։ Մեր մեկնակէտն է, որ սուրիացի քիւրտերը Սուրիոյ ժողովուրդի անբաժանելի մասն են։ Ելնելով այս սկզբունքային դիրքէն, Մոսկուա կ՚աջակցի՝ քիւրտերու եւ Դամասկոսի միջեւ շարունակուող երկխօսութեան, իրենց ընդհանուր հայրենիքի ապագայ զարգացման համար»։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020