ԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԵՄԱՏ ՔԱՆԴԱԿ…

Անհաւանական քանդակը կը փոխէ իր տեսքը՝ եղանակներուն համեմատ։

Անգլիոյ հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուող Քոռնուալը կախարդական վայր մըն է, որ յայտնի է Արթուր արքայի մասին հեքիաթներով եւ առասպելներով: Այստեղ տեղակայուած են Հելիկանի խոր-հըրդաւոր Կորած այգիները, որ Եւրոպայի ամենամեծ բուսաբանական այգին է։ Ան կը գտնուի 80 հեքթար տարածքի վրայ եւ հետաքրքրական վայր մըն է ճանապարհորդներու, բնութեան սիրահարներու եւ վիպապաշտներու համար:

Հելիկանը ունի բազմաթիւ գաղտնիքներ, որոնցմէ մէկը «Հողեղէն օրիորդի» յայտնի քանդակն է, որ ստեղծուած է տեղացի նկարիչներ՝ եղբայր եւ քոյր Փիթ եւ Սու Հիլըրի կողմէ: Քանդակը ստեղծուած է 1997 թուականին եւ դարձած է Կորած այգիներու մէջ գտնուող Անտառային ուղիի բաղկացուցիչ մասը:

Այսպէս կոչուած «Հողեղէն օրիորդը» կենդանի քանդակ մըն է: Անոր «հագուստը» եւ «մազերը» կը փոխուին՝ տարուան եղանակներուն համեմատ, քանի որ ան կը զարդարեն խոտերը եւ բոյսերը, եղանակէն կախեալ ըլլալով՝ կը փոխուի բուսականութիւնը:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020