ԵՐԳԷ ԸՆԴԴԷՄ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ

Երգը ընդդէմ քորոնաժահրի… Հայաստանի փոքրիկ երգիչներու նոր հոլովակը։ Այսպէս, Հայաստանի փոքրիկ երգիչները քորոնաժահրի դէմ պայքարին միացած են «Երգէ՛, եւ COVID-ը կը հեռանայ» երգով, որու հոլովակը արդէն հասանելի է երգչախումբի YouTube-ի առցանց հարթակով:

Երգչախումբի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ գրառում մը զետեղուած է, ուր կ՚ըսուի, որ երգչախումբերու փորձերը արգիլուած ըլլալուն պատճառով «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը մտայաղացած է ձայնագրել «Փենթաթոնիքս» խումբի յայտնի «Սինկ» երգը անհատապէս՝ յետագային մէկտեղելով հնչիւնային սարքաւորումներու միջոցով:

«Երգի բառերը փոխած են եւ ան վերանուանուած է «Երգէ՛, եւ COVID-ը կը հեռանայ»՝ երգով միանալով քորոնաժահրի դէմ պայքարին: Երգը տեսագրուած եւ պատրաստուած է երեխաներու կողմէ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020