ԺԱՀՐ ՄԸ ԵՒՍ…

Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։

Գործակալութեան հաղորդագրութեան համաձայն, երկրին մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 2 հազար 618, եւս ութ մարդ մահացած է հիւանդութենէն: Առաւել մեծ թիւով դէպքեր արձանագրուած են Լաոսի մայրաքաղաքը՝ Վիենթիանի մէջ՝ 606, վարակման եւս 331 եւ 321 դէպքեր յայտնաբերուած են այլ երկու նահանգներուն մէջ՝ համապատասխանաբար:

Տենկէ տենդը վտանգաւոր ժահրային հիւանդութիւն մըն է, որ տարածուած է մերձարեւադարձային եւ արեւադարձային կլիմայ ունեցող տարածքաշրջաններու մէջ: Տենկ տենդի հիմնական փոխանցողները Aedes aegypti մոծակներն են: Տարածիչի բացակայութեան պարագային հիւանդ մարդը վտանգ չի սպառնար: Հիւանդութեան ախտանշաններն են՝ բարձր ջերմութիւն, սիրտխառնուք, մորթի բիծեր, գլխու ցաւ: Տենդի երեւումին կ՚ուղեկցին ներքին ուժեղ արիւնահոսութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն արիւնատար անօթներու խցանում։ Տենկէն զիկա ժահրի ընտանիքի անդամներէն է։ Զիկա անունը կու գայ Ուկանտայի Զիիկա անտառի անուանումէն, ուր ժահրը առաջին անգամ տեսնուած է 1947 թուականին։ Զիկա ժահրը կ՚առընչուի տենկէ, դեղին տենդերուն, ճաբոնական անսեֆալիտին եւ Արեւմտեան Նեղոսի ժահրերուն: 1950 թուականէն սկսեալ հիւանդութիւնը տարածուած է Ափրիկէէն Ասիա դէպի նեղ հասարակածային գօտիին մէջ: 2007-2016 թուականներու միջեւ ժահրը տարածուած է դէպի արեւելք, Խաղաղական ովկիանոսի երկայնքով դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020