ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու դաշնակցային բաժանմունքի պետական քարտուղար Քրիստինա Մարթի Լանկի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրներու շուրջ՝ կառավարութիւններու կողմէ համավարակի յաղթահարման ուղղեալ քայլերու հանգամանալից ներկայացումով։ Այս ամբողջին մէջ Աւետ Ադոնց շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ կառավարութեան՝ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ երկկողմանի օրակարգին։ Անոնք կարեւորեցին այն ծրագրերը, որոնք Զուիցերիոյ Զարգացման եւ համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ կ՚իրականացուին Հայաստանի մէջ։ Այդ ծրագրերը համահունչ են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նախանշուած ուղղութիւններուն եւ գերակայութիւններուն։

Ադոնց եւ Լանկ ընդգծեցին նաեւ միջազգային կառոյցներէ ներս Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ փոխադարձաբար գոհունակութիւն յայտնելով երկխօսութեան մակարդակին համար։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020