ՀԱՆՐԱՇԱՐԺԸ՝ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ

Ներկայիս «շարժական տուներ»ու նկատմամբ ուշադրութիւնը աւելցած է, քանի որ մարդիկ այլեւս ձանձրացած են առօրեայի թոհուբոհէն եւ կ՚ուզեն գոնէ քիչ մը հեռանալ կեանքի հեւքէն։ Ռոպի եւ Փրիսիլա ամոլը երկար տարիներ երազած է «շարժական տուն» մը ունենալու մասին, որպէսզի քիչ մը փրկուի առօրեայ վազվզուքէն ու հանգստանայ։ Ռոպի եւ Փրիսիլա օր մը կը զուգադիպին դպրոցի մը լքուած հին հանրաշարժին։ Անոնք կը մտադրեն զայն գնել ու իրականացնել իրենց երազանքը։

Մէկուկէս տարուայ անընդհատ աշխատանքի շնորհիւ անոնք կը յաջողին աշակերտներու փոխադրութեան համար գործածուող այդ հին հանրաշարժը վերածել «շարժական բնակարան»ի մը։ Անոնք կը նախատեսեն յառաջիկայ քանի մը տարին արժեւորել իրենց նոր բնակարանին մէջ՝ ճամբորդելով նոր վայրեր, ուր ծանօթանալով նոր մշակոյթներու։

Սկիզբին անոնք կը փափաքէին ունենալ փոքր, սակայն գործածելի տուն մը։ Աւելի վերջ անոնք մտածեցին, թէ այս փոքր տունը ինչու չունենայ նաեւ անիւներ, որոնք զանոնք պիտի տանին ո՛ւր որ ուզեն։ 

Ռոպի եւ Փրիսիլա միշտ սիրած են ճամբորդել։ Անոնք երբ տուն կը վերադառնային ճամբորդութենէ մը, անմիջապէս կը ծրագրէին իրենց յաջորդ պտոյտը։ Սակայն իւրաքանչիւր ճամբորդութեան կը պարտաւորուէին տունը թողուլ իրենց ընտանի կենդանիները։ Անոնք այլեւս պիտի կարենան իրենց ընտանիքի սիրուն անդամներուն հետ ճամբորդել «շարժական տուն»ի մէջ։ 

Ռոպի եւ Փրիսիլա իրենց նոր բնակարանով առաջին անգամ ճամբորդած են 2019 թուականի մարտին։ Ցայսօր անոնք այցելած են աւելի քան 137 քաղաք։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020