ՇԻՆԻՉ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանէ ներս, ուր անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։ «Միջերկրականէ ներս կայունութիւն եւ անվտանգութիւն. Թուրքիոյ ժխտական դերը» խորագրեալ նիստի ընթացքին Ժոզէֆ Պորել հակազդեց այն եւրոպացի պատգամաւորներուն դէմ, որոնք Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնները յաճախ կը բաղդատեն Օսմանեան կայսրութեան հետ ու կ՚ակնկալեն անդամակցութեան բանակցութիւններու վերջացումը։ «Խաչակիրներու արշաւանքներու ժամանակներուն չենք», ըսաւ Ժոզէֆ Պորել, որ բացատրեց կարեւորութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու տեւանակացման եւ երկխօսութեան։

Ժոզէֆ Պորել, որ քանի մը օր առաջ այցելած էր Անգարա, Եւրոխորհրդարանէ ներս ընդգծեց, որ Թուրքիա կարեւոր գործընկեր մըն է։ Ըստ իրեն, կարեւոր գործընկեր մը ըլլալու առընթեր Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու է եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից։ Ան համոզուած է, թէ Թուրքիոյ պարագային առկայ ժխտական հակումները պէտք է վերջ գտնեն ու վերածուին հակառակին։ Ան ընդգծեց ամէն տեսակ հակադրութենէ խուսափելու հանգամանքը եւ խօսեցաւ նաեւ Անգարա կատարած վերջին այցելութեան մասին։ Այսպէս, երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերակայութեան շուրջ մտահոգութիւններն ու Թուրքիոյ գործունէութեան վերաբերեալ պատգամները յստակօրէն արտայայտուած են։ Ժոզէֆ Պորել շարունակեց. «Աշխարհագրութիւնը չենք կրնար փոխել։ Թուրքիոյ հետ շինիչ յարաբերութեան մը պէտք ունինք։ Պէտք է խուսափինք լարուածութիւնը բարձրացնելէ»։

Եւրոխորհրդարանի մէջ Ժոզէֆ Պորել պատասխանեց նաեւ քննադատութիւններուն, որոնց հիման վրայ կը պահանջուի Թուրքիոյ ի նպաստ ելմտական օժանդակութիւնները կասեցնել։ Ըստ իրեն, մարդու իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ թերացումներու հետեւանքով 2017 թուականէն ի վեր 1.3 միլիառ եւրօ կրճատուած է Թուրքիոյ տրամադրուած ֆոնտերէն։ Բայց եւ այնպէս, այդ ֆոնտերը պէտք չէ շփոթուին ապաստանեալներու համար կատարուած յատկացումներու հետ։ Ժոզէֆ Պորել յիշեցուց, որ Թուրքիա աւելի քան 3.5 միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ եւ ծանր բեռ մը կը տանի։ «Այդ գումարները կ՚օգտագործուին դպրոցներու, կրթութեան գանձատրման համար։ Ո՞ւր է այստեղ սխալը։ Ինչպէ՞ս կ՚ակնկալէք, որ դադրեցնենք այդ բոլորի գանձատրումը», ըսաւ Պորել։

Մինչ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները կը դիմագրաւեն բարդ ժամանակաշրջան մը, այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ 13 յուլիսը։ Արդարեւ, յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ծաւալուն քննարկում մը պիտի կատարեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու շուրջ։ Թէեւ կարգ մը երկիրներ կ՚ակնկալեն Թուրքիոյ դէմ խստութիւն, սակայն, այժմու կանխատեսումներով դժուար թէ առնուի քայլ մը, որ արմատական ազդեցութիւն կրնայ գործել կողմերու յարաբերութիւններուն վրայ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020