ՈՏՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԱՄՈՒՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ երկրի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի խումբ մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։ «Համաճարակէ վերջ ամէն երկիր հնարաւորութիւն պիտի ունենայ դարձեալ ինքզինք ներկայացնելու ու շատ էական է, որ Հայաստան լաւ ներկայացուի», ըսաւ հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան։

Հանդիպման ժամանակ Արմէն Սարգսեան մատնանշեց, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ունին արտածման խթանման կամ օտարերկրեայ ներդրումներու գործակալութիւններ։ Ըստ նախագահին, Հայաստանն ալ պէտք է ունենայ գործակալութիւն մը, որ աշխատի երկու ուղղութեամբ՝ հայկական ապրանքը դուրս տանիլ եւ փոխադարձաբար՝ դուրսէն ներս բերել։ Արմէն Սարգսեանի առաջարկով՝ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովը անցեալ տարի Հայաստանին համար ներդրումային զեկուցում մը պատրաստած էր։ Այնտեղ եւս խօսուած է այնպիսի կառոյցի մը մասին՝ արագ արձագանգման աշխատանքային խումբի մը բնութագրումով։ «Պէտք է ըլլայ հզօր աշխատանքային խումբ մը՝ ներառելով թէ՛ հայեր եւ թէ օտարներ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան ու միեւնոյն ժամանակ կարեւորութեամբ ընդգծեց ելեկտրոնային կառավարման հարցը։ Արդարեւ, որքան արագ եւ որքան շատ բնագաւառներ անցնին ելեկտրոնիկ կառավարման, ապա տնտեսութիւնը աւելի ապահով պիտի ըլլայ։ Բաց աստի, այն ոլորտները, որոնք ապագային միտուած են եւ առաջնահերթ կը համարուին երկրին համար, պէտք է հարկային արտօնութիւններ եւ պետական աջակցութիւններ ստանան։ Այլապէս, Հայաստան մրցունակ չի կրնար ըլլալ։ «Այն ինչ, որ դուք կ՚ընէք, գրաւիչ է։ Ձեր բոլորի շուկան, Հայաստանէ բացի աշխարհն է, սակայն ոտքերու վրայ ամուր կանգնելու համար դուք պէտք է Հայաստանի մէջ աջակցութիւն ստանաք», ըսաւ Արմէն Սարգսեան տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուցիչներուն։

Զրոյցի տեւողութեան նախագահը անդրադարձաւ ապագայ դժուարութիւններուն եւ յատկապէս կանգ առաւ պարէնի անվտանգութեան վրայ։ «Հայաստան պէտք է աշխատի առաւելագոյնս ինքնաբաւ ըլլալ եւ, ինչպէս ձեր ոլորտի պարագային, դառնալ նաեւ մթերքի, գիւղատնտեսական արտադրանքի միջազգային առեւտուրի կեդրոն», շարունակեց Արմէն Սարգսեան՝ ընդգծելով նաեւ ժողովրդագրական խնդիրը։ «Մեր հայրենակիցներէն շատեր, որոնք արտագնայ կ՚աշխատին, հաւանաբար այդ երկիրներուն մէջ աշխատանք չգտնեն։ Հետեւաբար կը յառաջանայ գործազրկութիւն։ Միւս կողմէ, կարգ մը ոլորտներու մէջ, նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ, մենք հսկայական ներուժ ունինք՝ ունինք հողեր, որոնք չեն մշակուած։ Պէտք է խրախուսական ծրագրեր ըլլան, որպէսզի մարդիկ երթան այնտեղ։ Յատուկ քաղաքականութեան կարիք ունինք սփիւռքի կապակցութեամբ։ Ամէն մարդ հայրենասէր է, սակայն ասոր առընթեր պէտք է ըլլայ նաեւ գրաւչութիւն, որպէսզի այդ մարդը իմանայ, թէ գալով հայրենիք իր ներուժը ճիշդ կ՚օգտագործէ։ Սփիւռքահայը պէտք է զգայ, թէ այս երկրին մաս կը կազմէ», դիտել տուաւ Արմէն Սարգսեան։

Զրոյցի տեւողութեան նախագահը անդրադարձաւ նաեւ գիտափորձական ոլորտի զարգացման ուղղեալ իր նախաձեռնութիւններու ընթացքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020