ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստան կը միանայ UEFA Playmaker ծրագրին։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը միացած է UEFA Playmaker ծրագրին:

UEFA Playmaker ծրագիրը ՈՒԷՖԱ-ի եւ աշխարհահռչակ Տիզնէյ ընկերութեան հետ համագործակցութիւնն է, որու հիմնական նպատակն է խթանել 5-8 տարեկան աղջիկներու շրջանակներէն ներս ֆութպոլի տարածումն ու խթանումը։

Առաջին երկիրներէն է Հայաստանը, որ ներգրաւուած է այս ծրագրին մէջ։ Ծրագիրը պիտի սկսի 2021 թուականի մարտին։ Ամբողջ Հայաստանի մէջ կը բացուին 30 կեդրոններ (իւրաքանչիւր մարզի մէջ՝ երկուքական կեդրոն, տասն ալ՝ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ), ուր աղջիկ երեխաները կրնան Տիզնէյի հերոսներու պէս զբաղիլ ֆութպոլով։ Մինչ ծրագրի սկսիլը Հայաստանէն երկու մարզիչներ կը վերապատրասուին ՈՒԷՖԱ-ի նախապատրաստական ծրագրերով, որմէ վերջ իրենց գիտելիքներն ու փորձը կը փոխանցեն հայ աղջիկներուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020