ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՄՈՒՐ ԿԱՊ

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերահաստատեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) շրջանակներէն ներս սերտ համագործակցութեան միջոցաւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու յանձնառութիւնը։

Ներկայ ամսուան սկիզբին դրութեամբ Հայաստան դարձած է ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահը։ Երէկ, հայկական նախագահութեան մեկնարկին՝ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի կարեւոր հանդիպում մը՝ առցանց ձեւաչափով։ Այսպէս, ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահութեան, աւագ պաշտօնեաներու կոմիտէի, կառոյցի յարակից մարմիններու եւ միջազգային մշտական քարտուղարութեան համակարգման հեռավար ժողովին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ներկայացուց հայկական նախագահութեան առաջնահերթութիւններն ու նախատեսուած միջոցառումներու օրակարգը։

Պարոյր Յովհաննիսեան կարեւորեց տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ ներառական տնտեսական համագործակցութեան եւ առեւտուրի դիւրացման դերակատարութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024