ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՓՈՎ ԳՈՐԾԱՐՔ

Ատր­պէյ­ճան կը պատ­րաս­տուի նոր ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր գնել Ռու­սաս­տա­նէն։

Պա­քուի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած Ռու­սաս­տա­նի, Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն ե­ռա­կող­մա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ հրա­պա­րա­կուե­ցան վե­րո­յի­շեալ տուեալ­նե­րը։ Ռու­սաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Ռո­կո­զին յայ­տա­րա­րեց, որ որ­պէս լաւ եւ ա­ժան զէն­քի խո­շո­րա­գոյն նե­րա­ծող՝ իր եր­կի­րը ան­տա­րա­կոյս հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ թէ՛ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ թէ Ի­րա­նի տե­սա­կէ­տէ։ Ե­ռա­կող­մա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով Ռո­կո­զին մատ­նան­շեց այս բո­լո­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճան հե­տաքրք­րուած է Ռու­սաս­տա­նէն գնել նո­րա­գոյն MC-21 ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րէն։ Ռու­սա­կան կող­մը յոյս ու­նի, որ մին­չեւ յա­ջորդ տա­րուան Փետ­րուա­րը կը ստո­րագ­րուի պայ­մա­նա­գիր մը՝ ա­ւե­լի քան տասն ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու վա­ճառ­քին վե­րա­բե­րեալ։

Բաց աս­տի, ռուս փոխ-վար­չա­պե­տը խօ­սե­ցաւ Պա­քուի մէջ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու եւ զի­նուո­րա­կան ուղ­ղա­թիռ­նե­րու գոր­ծա­րա­նի մը բաց­ման ծրագ­րին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Պա­քուի մէջ պի­տի բա­ցուի ուղ­ղա­թիռ­նե­րու հա­մար կեդ­րոն մը, իսկ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու հա­մար հա­ւաք­ման գոր­ծա­րան մը։ Այ­սինքն, այդ գոր­ծա­րա­նին մէջ կը ծրագ­րուի ի մի բե­րել ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու նա­խա­պէս ար­տադ­րուած մա­սե­րը։ «Այս­տեղ կան խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ար­տադ­րուած բազ­մա­թիւ օ­դա­նա­ւեր եւ ուղ­ղա­թիռ­ներ։ Ա­նոնց ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, սպա­սարկ­ման ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը այժմ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին մէջ», ը­սաւ Ռո­կո­զին՝ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով։

Տի­միթ­րի Ռո­կո­զին Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ներս կը հա­մա­կար­գէ ռազ­մաար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հա­մա­լի­րը։ Լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը ար­դէն ու­շագ­րաւ հա­մա­րած էին ա­նոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ի­րեն ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ զէն­քի վա­ճառ­քը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի թա­փով, ինչ որ խոր ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ Հա­յաս­տա­նին։ Նոյ­նիսկ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ապ­րի­լի սկիզ­բին ծա­գած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի թէժ օ­րե­րուն Տի­միթ­րի Ռո­կո­զին յայ­տա­րա­րած էր, որ Ռու­սաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ զէնք ու զի­նամ­թերք վա­ճա­ռել Ատր­պէյ­ճա­նին։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տան Ռու­սաս­տա­նի հետ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին կնքած է պայ­մա­նա­գիր մը, ո­րու հի­ման վրայ շուրջ 200 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ ար­դիա­կան զէն­քեր պի­տի գնէ Հա­յաս­տան։ Այդ գոր­ծար­քը սա­կայն կը կա­ղայ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր եւ ռու­սա­կան կող­մը կը յա­պա­ղեց­նէ զէն­քե­րու ու զի­նամ­թեր­քի խմբա­քա­նակ­նե­րուն յանձ­նու­մը հայ­կա­կան կող­մին։

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան հեր­թա­կան ան­գամ խօ­սե­ցաւ այս հար­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ռու­սա­կան կող­մի տրա­մադ­րած 200 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ վար­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս բո­լոր պայ­մա­նագ­րե­րը Մոս­կուա­յի հետ կնքուած են։ Զէն­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը դէ­պի Հա­յաս­տան ար­դէն սկսած է։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան չման­րա­մաս­նեց, թէ խօս­քը ինչ զի­նա­տե­սակ­նե­րու կը վե­րա­բե­րի։ Նա­խա­րա­րը ը­սաւ, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ գո­յու­թիւն ու­նին, պե­տա­կան ներ­քին գոր­ծըն­թաց­նե­րը ա­ւար­տած են եւ աշ­խա­տանք­նե­րը կը գտնուին ըն­թաց­քի մէջ։ Օ­հա­նեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ե­թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը են­թար­կուի բռնու­թեան՝ ա­պա ա­նոր ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րը պի­տի կա­տա­րէ իր պայ­մա­նագ­րա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016