ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

«Հա­լէ­պի մէջ ի­րադ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ծանր եւ մտա­հո­գիչ», յայտ­նեց Սու­րիոյ Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ նա­խա­գահ Վե­րա­պա­տուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լի­մեան՝ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ: Վե­րա­պա­տուե­լին նաեւ ը­սաւ, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր Հա­լէ­պի վի­ճա­կը եր­բեք այս­քան մտա­հո­գիչ չէր ե­ղած եւ այս բո­լո­րը ի­րենց վատ ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նան հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն վրայ: «Մենք ա­մէն կող­մէն շրջա­պա­տուած ենք այ­սօր, եւ կը փա­փա­քիմ, որ Հա­լէ­պի մա­սին միայն ճիշդ եւ ճշգրիտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ տուեալ­ներ փո­խան­ցէք հայ հան­րու­թեան», ը­սաւ Վե­րա­պա­տուե­լի Սե­լի­մեան, դի­տել տա­լով նաեւ, որ հայ մա­մու­լը պէտք է իր բո­լոր ճի­գե­րը գոր­ծադ­րէ, Հա­լէ­պի ծանր ի­րա­վի­ճա­կը ոչ միայն հա­յու­թեան, այլ տար­բեր եր­կիր­նե­րու պատ­կան մար­մին­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

Վե­րա­պա­տուե­լին նաեւ զար­մանք յայտ­նեց վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­լէ­պի պա­շար­ման գծով հա­յու­թեան ո­րոշ ան­տար­բե­րու­թեան մա­սին ու ը­սաւ. «Մինչ աս­կէ ա­ռաջ քա­ռորդ մի­լիոն բնակ­չու­թիւն հա­շուող շրջան­ներ շրջա­փա­կուե­ցան եւ ամ­բողջ հան­րու­թիւ­նը բո­ղո­քի ա­լիք բարձ­րա­ցուց, այ­սօր սա­կայն Հա­լէ­պի՝ ուր կ­­՚ապ­րին եւ շրջա­փա­կուած են ա­ւե­լի քան 1 մի­լիոն բնա­կիչ­ներ, ընդ­հա­նուր ան­տար­բե­րու­թիւն մը կը տի­րէ ա­մէ­նու­րեք»: Վե­րա­պա­տուե­լի Սե­լի­մեան այս ա­ռու­մով «Ա­րե­ւելք»ի ամ­պիո­նէն հայ հան­րու­թեան ուղ­ղե­լով իր խօս­քը՝ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րէն պա­հան­ջեց ա­ւե­լի մօ­տէն հե­տե­ւիլ Հա­լէ­պի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ պէտք ե­ղած ձե­ւով լու­սա­բա­նել ընդ­հա­նուր դրու­թիւ­նը:

Այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք Հա­լէ­պի հայ­կա­կան շրջան­նե­րը ի­րո­ղա­պէս այ­սօր կը գտնուի՞ն վտան­գուած վի­ճա­կի եւ ներ­թա­փանց­ման վտան­գին տակ, Սե­լի­մեան պա­տաս­խա­նեց. «Տե­ղին է ձեր հար­ցու­մը։ Ա­յո՛, ոչ միայն Հա­լէ­պի հա­յու­թիւ­նը, այլ քա­ղա­քի ամ­բողջ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը վտան­գուած է, բայց եւ այն­պէս ես մին­չեւ այս պա­հը մեծ յոյ­սեր ու­նիմ, որ Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կը պի­տի կա­րե­նայ դի­մադ­րել զի­նեալ­նե­րու բո­լոր փոր­ձե­րուն եւ պահ­պա­նել Հա­լէ­պի ա­պա­հո­վու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը»: Վե­րա­պա­տուե­լի Սե­լի­մեան դի­տել տուաւ, որ Հա­լէ­պը, ինչ­պէս տար­բեր ամ­պիոն­նե­րէ կը հնչէ, այ­սօր եւս Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան օ­ղակն է, եւ վստա­հե­ցուց, որ բա­նա­կը ա­մէն ճիգ պի­տի գոր­ծադ­րէ պահ­պա­նե­լու հա­մար այս պատ­մա­կերտ քա­ղա­քը, ո­րով­հե­տեւ, իր խօս­քե­րով՝ «այդ­քան ալ դիւ­րին չէ թա­փան­ցել այն սահ­մա­նա­յին գի­ծե­րէն ներս, ո­րոնք կը գտնուին Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կի պաշտ­պա­նու­թեան տակ»: Ան շեշ­տեց, որ Հա­լէ­պը կը շա­րու­նա­կէ մնալ որ­պէս Սու­րիոյ ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան հան­դի­սա­ցող քա­ղաք եւ այդ մէ­կը կը շեշ­տադ­րուի նաեւ մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րու Սու­րիոյ խնդրին հան­դէպ ու­նե­ցած ընդ­հա­նուր կե­ցուածք­նե­րուն մէջ:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք նո­րու­թիւն­ներ կրնան սպա­սուի՞լ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ե­րէկ կա­յա­ցած Էր­տո­ղան-Փու­թին հան­դի­պու­մէն՝ ան ը­սաւ. «Ո՛չ, ես անձ­նա­պէս մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ չու­նիմ այս հան­դի­պու­մէն։ Սու­րիոյ եւ Հա­լէ­պի հետ կա­պուած այս հան­դի­պու­մէն բխող դրա­կան ո­րե­ւէ զար­գա­ցում չեմ ակն­կա­լեր»:

Իսկ վեր­ջին հար­ցու­մին, որ կա­պուած է Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու Հա­լէ­պի այս ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ որ­դեգ­րե­լիք քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ը­նե­լիք­նե­րուն՝ Պա­տուե­լին ը­սաւ. «Ես մեծ ակն­կա­լիք­ներ չու­նիմ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, տրուած ըլ­լա­լով, որ այ­սօր Հա­յաս­տան ին­ք կը բո­լո­րէ բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ փուլ մը, սա­կայն իմ փա­փաքն է, որ ե­թէ Հա­լէ­պի այ­սօ­րուան շրջա­փակ­ման ա­ւար­տով, հայ ըն­տա­նիք­ներ ու­զեն Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուիլ, ա­պա հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր ճի­գեր գոր­ծադ­րեն մեր հա­յոր­դի­նե­րու Հա­յաս­տա­նի մէջ կե­ցու­թեան խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու եւ այն­տեղ ի­րենց կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու գծով»:

Վե­րա­պա­տուե­լին զրոյ­ցի ա­ւար­տին մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, որ ե­թէ այ­սօ­րուան Հա­լէ­պի շրջա­փա­կու­մը շա­րու­նա­կուի եր­կար ժա­մա­նա­կով, ա­պա կրնան տե­ղի ու­նե­նալ ներ­քին խլրտում­ներ, եւ այդ ա­ռու­մով ան ը­սաւ, որ ինք որ­պէս հայ ե­րեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րէն մին, ա­մէն գնով պի­տի մնայ Հա­լէ­պի մէջ եւ փոր­ձէ միա­հա­մուռ եւ պաշտ­պա­նուած պա­հել Հա­լէ­պի հայ հա­մայն­քը:

Նշենք, որ Վե­րա­պա­տուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լի­մեան ե­րեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րէն միակն է, որ քա­ղա­քի այս ծանր փու­լին կը շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­լէ­պի մէջ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016