ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔ
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ մէջ որ-դեգրուած է նոր օրէնք մը՝ ամէն տարի աղբանոցներ նետուող մեծ ծաւալներով սննդեղէնի վատնումը կանխարգիլելու շարք մը միջոցառումներու մասին:Օրինագիծը, որուն թեր քուէարկած են 181 ծերակուտականներ, դէմ՝ 2 ծերակուտականներ եւ ձեռնպահ՝ 16 ուրիշներ, կը նպատակադրէ թափօնի վե-րածուող 5 միլիոն թոն սննդեղէնը տարեկան 1 միլիոն թոնով նուազեցնել:
Կառավարութեան կարծիքով՝ սննդեղէնի անիմաստ կորուստը երկրի տնտեսութեան եւ բնակիչներուն տարեկան աւելի քան 12 միլիառ եւրօ վնաս կը պատճառէ: Որոշ տուեալներով՝ ատիկա կրնայ կազմել Իտալիոյ համախառն ներքին արտադրութեան աւելի քան 1 առ հարիւրը:
ՄԱԿ-ի Պարենաւորման եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան (ՖԱՕ) գնահատումով՝ աշխարհի մէջ կը թափուի արտադրուող սննդամթերքին շուրջ մէկ երրորդը, իսկ Եւրոպայի մէջ՝ մինչեւ 40 առ հարիւրը:
«Այն սննդեղէնը, որ այժմ Եւրոպայի մէջ մէկդի կը նետուի, կրնար կերակրել 200 միլիոն մարդ», կը պնդէ ՖԱՕ:
«Ուեսթ Ինֆօ» կայքը կը մանրամասնէ, որ Իտալիոյ մէջ որդեգրուած նոր օրէնքով, արտադրութեան, վերամշակման, բաշխման եւ վարչարարութեան իւրաքանչիւր փուլի մէջ վատնումը նուազեցնելու նպատակով առաջնահերթութիւն կը տրուի կարիքաւոր քաղաքացիներուն որեւէ տեսակի յաւելեալ անվը-ճար օգնութիւն տրամադրելու գործին:
Իտալիոյ Ծերակոյտին հետազօտական բաժինը կը յայտնէ, որ նոր օրէնքին հիմնական նպատակն է բոլոր քաղաքացիներուն մօտ տուեալ մարզին մէջ ներգրաւ-ւածութեան եւ հետաքրքրութեան բարձրացումը: