ՇՐՆԱՔԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ
Շրնաքի մէջ այս առաւօտ նահատակուեցան երեք զինուորներ։ Դէպքը լայն արձագանգ գտաւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ եւ ստեղծեց մեծ ցաւ։
NTV-ի հաղորդումներով, ահաբեկիչներ յարձակում մը իրականացուցին Պէյթիւշշեպապ գաւառակին մէջ։ Դէպի «Հապուր-2» սահմանադուռը հերթափոխութեան համար զինուորներ կը փոխադրէր ինքնաշարժ մը, որու անցած ճանապարհին վրայ լարուած էր ծուղակ մը։ Մինչ ինքնաշարժը թիրախը դարձաւ ճանապարհին վրայ զետեղուած ռումբին՝ նոյնաժամանակ Իրաքի հիւսիսէն կրակ բացուեցաւ հրթիռներով ու հեռահար զէնքերով։ Նահատակուած երեք զինուորներուն առընթեր դէպքին հետեւանքով տասն զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։
Պայթումէն վերջ լայնածաւալ գործողութիւն մը սկսաւ շրջանին մէջ։