ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՅ ԿԱԴՐՈՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱԼՊԵՐԹՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
Արժանթինի Հայ կեդրոնի վարչութիւնը այսու կու գայ սրտի անհուն կսկիծով՝ գուժելու անակնկալ մահը երկար տարիներու իր նախագահին՝ յանձինս Ալպերթօ Ճէրէճեանի, որ նախընթաց օր սրտի կաթուածի պատճառով յանկարծամահ եղաւ, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, բարեկամները եւ հայ գաղութի անդամները:
Ալպերթօ Ճէրէճեան միաժամանակ նախագահն էր «Պօղոս եւ Սիրանոյշ Արզումանեան» բարեսիրական հիմնարկութեան:
Ան հոգիով նուիրուած էր հայ գաղութի ծառայութեան եւ անոր վերելքին, որպէսզի միշտ բարձր պահուի հայ գաղութին անունը տեղական շրջանակներու մէջ եւ յաչս պետութեան:
Անցեալ տարի իր գլխաւորութեամբ եւ գաղութային բոլոր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ՝ մեծ շուքով նշուեցաւ հարիւրամեակը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներով:
Այս տարի Սրբազան Պապին Հայաստան այցելութեան առթիւ, կրկին գործի լծուած էր կազմակերպչական ճամբով, որովհետեւ Արժանթինէն մեծ թիւով ազգայիններ մեկնեցան հայրենիք, դիմաւորելու համար արժանթինցի Պապը: Ալպերթօ Ճէրէճեան խստապահանջ եւ բծախնդիր մէկն էր նախ ինք իր հետ եւ յետոյ իր աշխատակիցներուն հետ գործի ժամանակ, մանաւանդ գաղութային ձեռնարկներու միջոցին: Կը ջանար որ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ:
Իսկ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ, հաճելի, զուարթախօս, դիւրահաղորդ եւ մանաւանդ ծառայասէր անձ մըն էր:
Իր մահը մեծ կորուստ մըն է, նախ իր ընտանեկան պարագաներուն, ապա արժանթինահայ գաղութին համար, որովհետեւ շատ ծրագիրներ ունէր մտքին մէջ, որոնք մնացին կիսաւարտ:
Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մնացողներուն ալ Ս. Հոգւոյ համբերութիւն պարգեւէ: