ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական խորհուրդը, Օգոստոսի 8-ին, Իրանի մէջ լրագրողի օրուան առիթով կազմակերպած է ձեռնարկ մը, որուն ներկայ եղած են իրանական լրատուամիջոցներու աւելի քան մէկ տասնեակ ներկայացուցիչներ:
Միջոցառման ծիրէն ներս՝ իրանցի լրագրողները այցելած են Թեհրանի Ս. Սարգիս, Ս. Թադէոս-Բարդողիմէոս եւ Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցիներ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը, Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ, իրանցի լրագրողները հանդիպած են համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ: Ելոյթներ ունեցած են Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռոպերթ Բեգլարեան, «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գէորգ Վարդան, որոնք ներկայացուցած են իրանահայ համայնքի պատմութիւնն ու գործունէութիւնը:
Միջոցառման ներկայ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Արթուր Յակոբեան ընթերցած է Իրանի մէջ լրագրողի օրուան առիթով դեսպան Արտաշէս Թումանեանի շնորհաւորական ուղերձը: Դեսպանի խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան գործունէութեան մէջ իր ուրոյն տեղը կը զբաղցնէ իրանական լրագրողական համայնքին հետ համագործակցութիւնը: Մենք այսօր կրնանք գոհունակութեամբ արձանագրել, որ իրանական լրատուամիջոցներուն հետ ձեւաւորուած են սերտ գործընկերային յարաբերութիւններ: Դեսպանութիւնը գործնական քայլեր կ՚իրականացնէ հայ եւ իրանցի լրագրողներու միջեւ առկայ համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ: Մենք իրանցի գործընկերներու հետ կը կիսենք այն ընդհանուր գաղափարը, որ պէտք է աւելի ճանաչելի դարձնենք Հայաստանը Իրանի ժողովուրդին համար, եւ հակառակը, որուն առիթով նոյնպէս կ՚իրականացուին աշխոյժ քայլեր»: