ՀԵՐՄԱՆ ՊԱԼԵԱՆ. «ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԷՆ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԳՈՒՄԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԳԱՆՁՄԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ՏՐՈՒԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԻՆ»

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, որ մեր համայնքի մէջ Պէյքոզի նիւթին քաջատեղեակ գլխաւոր վարիչներէն մին է, վերջին իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ թաղային խորհուրդի առընթեր խորհրդատու յանձնախումբի մը ստեղծուելուն կապակցութեամբ մեզի յայտնեց հետեւեալը.

«Մեր համայնքը պատրաստութեան մը մէջ է։ Նախ եւ առաջ կը մաղթեմ, որ բախտաբեր, բարեբեր ըլլայ։ Այս գործին մէջ պէտք է շատ լաւ գիտնանք ճշմարտութիւնները, պէտք է շատ լաւ հասկնանք իրականութիւնները։ Սա պէտք է ըլլայ, որպէսզի ցայսօր կատարուած սխալները չկրկնենք ապագային։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի մեր ընկերներն ալ պէտք է հետեւին նոյն ընթացքին. բաւարար չէ միայն յայտարարութիւններով փորձել անցեալին կատարուած բացթողումներու պատասխանատուութիւնը թօթափել։ Այսօր մեր խնդիրն է անցեալի սխալներէն դաս քաղել։ Պէյքոզի խորհրդատու յանձնախումբի բոլոր անդամները խորաթափանց տեղեակ չեն այս գործընթացի ծալքերուն։ Խօսքը շուրջ 20 միլիոն լիրայի մակարդակով գումարի մը մասին է։ Մեր համայնքին տեսակէտէ սա մեծ գումար մըն է։ Մետայլի միւս երեսակին՝ այսօրուան պայմաններով մեծ գործ մը ընելու համար այդքան ալ  մեծ գումար մը չէ։ Հետեւաբար այդ գումարը պէտք է արժեւորուի՝ հաշուի առնելով նաեւ այժմու օրէնսդրութեան տրամադրութիւնները։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին առընթեր ստեղծուած յանձնախումբը, բնականաբար, կը բաղկանայ նշանակեալ անդամներէ։ Յառաջիկայ շրջանի որոշումները պէտք չէ առնուին կատարուած իրողութիւններու ձեւով, ինչ որ մեր համայնքէն ներս շատ ընդհանրացած խնդիր մըն է դժբախտաբար։ Մենք կասկած չունինք խորհրդատու յանձնախումբի անդամներու բարեացակամութենէն, սակայն սրտբացօրէն պէտք է ընդունինք, որ տակաւին կան որոշ սխալներ եւ բացթողումներ։ Ես անսահման յաջողութիւն կը մաղթեմ յանձնախումբին։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է շեշտեմ, որ յառաջիկային քաղաքապետարանէն սպասուած գումարին համար գանձման լիազօրութիւն պէտք չէ տրուի փաստաբանին։ Նոյնիսկ ներկայ նոր պայմանագրին մէջ փաստաբանին վերապահուած է այդ իրաւասութիւնը։ Ես չեմ ուզեր ըսել, որ փաստաբանը՝ ով որ է, լաւ է կամ վատ է։ Չեմ ուզեր կասկածի տակ թողուլ իր բարոյականութիւնը կամ ազնուութիւնը։ Բայց մենք մեր համայնքային գործերը չենք կրնար յառաջ տանիլ, մեր համայնքային շահերը չենք կրնար պաշտպանել անձնական տպաւորութիւններու կամ համոզումներու հիման վրայ։ Վաղը միւս օր կրնայ այնպէս վիճակ մը յառաջանալ, որ քաղաքապետարանէն փոխանցուելիք գումարը՝ երբ փաստաբանի դրամատան հաշուին փոխանցուի, անսպասելի կամ անակնկալ խնդիրներ կրնան ծագիլ։ Օրինակ, եթէ փաստաբանը մեր տեղեկութենէն դուրս պարտք մը ունենայ, իր դրամատան հաշիւին փոխանցուելիք գումարը անմիջապէս կը սառեցուի։ Ի՞նչ կ՚ընենք այդ պարագային։ Որո՞ւ կրնանք պատմել, թէ այդ գումարը մեր համայնքինն է։ Այո, կրնանք համոզել պատկան մարմինները, թէ գումարը կը պատկանի մեր համայնքին ու կը ստանանք, սակայն սա կ՚ենթադրէ երկար պայքարի գործընթաց մը։ Մեր ինչի՞ն է պէտք նման ռիսքերու ենթարկուիլը։ Պէյքոզի խորհրդատու յանձնախումբին  մասնակից մեր կարգ մը ընկերները մօտաւոր անցեալին կը քննադատէին թաղային խորհուրդը՝ փաստաբանին գանձման լիազօրութիւն վերապահած ըլլալու պատճառով։ Հիմա այդ նոյն դէմքերը՝ մաս կազմած ըլլալով խորհրդատու յանձնախումբին, ձեւով մը հակասութեան մատնուած են՝ իրենք եւս համաձայն գտնուելով փաստաբանի համար այդ լիազօրութեան վերապահման։ Իմ հիմնական քննադատութիւնը այն է, որ այդ լիազօրութեան խնդիրը պէտք է անպայման կարգաւորուի։

«Մենք, որպէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւն, մեր ընկերներով ընդունած ենք որոշում մը։ Մենք յարմար չենք դատած Պէյքոզի խորհրդատու յանձնախումբին համար ներկայացուցիչ մը ուղարկելը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին կողմէ։ Կրկին յաջողութիւն կը մաղթենք Պէյքոզի թաղային խորհուրդին եւ անոր յարակից յանձնախումբին՝ այս կարեւոր պատասխանատուութիւնը տանելու ճանապարհին»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2017