ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՎՐԱՅԵՐԹ

Փարիզի Լըւալուա-Փերրէ արուարձանին մէջ ֆրանսացի վեց զինուորներ վիրաւորուեցան, երբ BMW տիպի ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց զիրենք:

Դէպքը պատահեցաւ երէկ, տեղւոյն ժամով 08.15-ին, երբ զինուորները զօրանոցէն դուրս կու գային Վերտենի հրապարակ: Յարձակումը տեղի ունեցաւ տեղւոյն քաղաքապետարանէն 200 մեթր եւ Ներքին անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան կեդրոնակայանէն մօտաւորապէս 1 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ. վարչութիւն, որու գլխաւոր խնդիրներէն մէկը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է։ Զինուորները ահաբեկչութեան դէմ «Սանթընել» գործողութեան մասնակիցներ էին: Յարձակման հետեւանքով վեց զինուորները փոխադրուեցան հիւանդանոց։

Լըւալուա-Փերրէի քաղաքապետ Փաթրիք Պալքանի յայտնեց. «Այդ ինքնաշարժը կանգնած էր զօրանոցին մօտ: Անոր վարորդը ակնյայտօրէն կը սպասէր զինուորներուն դուրս գալուն… Կը կարծեմ՝ կացութիւնը կարելի է գնահատել իբրեւ ծրագրուած գործողութիւն»:

Աւելի ուշ, Ֆրանսայի Վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ հաստատեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինուորները վրայերթի ենթարկած անձը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2017