ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ԱՊՕՐԻՆԻ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԴԷՊՔԵՐԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԱՒԵԼՑԱԾ ԵՆ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի անցնելու փորձերը վերջին շրջանին խտացած են էապէս։ News.am կայքէջի հաղորդումներով, սահմանի Հայաստանի Արտաշատ քաղաքի հատուածին մէջ վերջին կէս տարուան ընթացքին աւելի քան մէկ տասնեակ սահմանախախտներ ձերբակալուած են։ Այս կապակցութեամբ կայքէջը զրուցած է Հայաստանի ռուսական սահմանապահ զօրքերու Արտաշատի ջոկատի պետ Եուրի Ուրվանովի հետ։ Այս վերջինը մատնանշած է, որ վերջին կէս տարուան ընթացքին սահմանը խախտելու ժամանակ ձերբակալուած աւելի քան մէկ տասնեակ անձերու մեծամասնութիւնը եղած է Աֆղանիստանի քաղաքացի։ Այդ շարքին մէջ գտնուած են նաեւ Պանկլատեշի քանի մը քաղաքացիներ։

Անցեալ տարուան բաղդատմամբ 2018 թուականին սահմանի ապօրինի հատման դէպքերը քիչ մը աւելցած են։ Հաւանական է, որ սա պայմանաւորուած ըլլայ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններով, մասնաւորապէս՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման հատուածներու Աֆղանիստանի տարածք անցնելուն հետ։ Կ՚արձանագրուին նաեւ դէպքեր, երբ Աֆղանիստանի իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները, վախնալով ԻՇԻՊ-ի կողմէ հետապնդուելէ, կ՚անցնին այլ երկիրներ։

Անդրադառնալով թմրանիւթերու մաքսանենգութեան հաւանական խնդիրներուն՝ Եուրի Ուրվանով նշած է, որ սահմանի Արտաշատի հատուածին մէջ նման դէպք չէ նկատուած։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Եուրի Ուրվանով նշած է, որ Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերու անձնակազմի կէսէն աւելին կը բաղկանայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէ։ Այդ համեմատութիւնը կը հասնի 60 տոկոսի։ Ուրվանովի խօսքով՝ այս պատճառով իր գլխաւորած ջոկատը կարելի է աւելի շատ համարել միջազգային։ Թէեւ սա Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութեան ջոկատն է, սակայն այնտեղ կը ծառայեն թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Հայաստանի քաղաքացիներ։ «Սա նուազ կարեւոր գործօն մը չէ։ Մենք բոլորս Հայաստանի սահմանը կը պաշտպանենք՝ ինչպէս մեր հայրենիքի սահմանը», ըսաւ Եուրի Ուրվանով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018