ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ՉԿԱՆ

Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած թրքական պատուիրակութիւնը աւարտեց իր շփումները Ուաշինկթընի մէջ։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նոյերթ թրքական պատուիրակութեան Ուաշինկթընի շփումներու լոյսին տակ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, Թուրքիա ԱՄՆ-ի կարեւոր դաշնակիցներէն մին է եւ Պատուելի Էնտրու Պրանսընի վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակուի։ Ամերիկացի բանբերը շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ ներկայ բանակցային գործընթացի նպատակն է՝ ապահովել պատուելի Պրանսընի տուն վերադառնալը։ Ուաշինկթընէն կատարուած այս պաշտօնական յայտարարութեան առընթեր, տեղական մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ վերջին բանակցութիւններուն։

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը ներկայիս ծանրաբեռնուած է շարք մը խնդիրներով։ Այս իրավիճակին մէջ թրքական պատուիրակութիւնը Ուաշինկթըն մեկնած էր՝ գրաւոր շրջանակային համաձայնութեան մը հասնելու մտադրութեամբ։ Այդ համաձայնութեան հիմնական կէտերը սեղանի վրայ դրուեցան Ուաշինկթընի մէջ։ Թրքական պատուիրակութեան այցելութենէն առաջ կողմերը տուած էին որոշ ազդանշաններ, որոնք տարրական համաձայնութեան մը հիմքը կը համարուէին։ Բայց եւ այնպէս, իրադարձութիւնները 100 տոկոսով ակնկալուած հունին մէջ չընթացան՝ երբ կողմերու պատուիրակութիւնները նստան սեղանի շուրջ։ Անգարա կը ձգտէր խնդիրներու ծաւալուն թղթածրարին մէջ լուծում մը տալ պատուելի Պրանսընի հարցին։ Սակայն, երբ թրքական կողմը Ուաշինկթընի մէջ սեղանի դրաւ իր պահանջները, ամերիկեան կողմը յամառօրէն պահանջեց նախ եւ առաջ պատուելի Պրանսընի ազատ արձակուիլը, որմէ վերջ մնացեալ խնդիրները պիտի շօշափուէին։

Տեղական մամուլը այս առումով կը մատնանշէ նաեւ պետական քարտուղարութեան բանբեր Նոյերթի յայտարարութիւնները։ Արդարեւ ան յայտնած է, որ թրքական պատուիրակութեան հետ կը քննարկեն ծաւալուն շրջագիծ մը, որուն մաս կը կազմեն բազում խնդիրներ։ Ամերիկեան կողմը բացայայտօրէն յայտնած է, որ պատ-ւելի Պրանսըն պէտք է վերադառնայ։ «Բանակցութիւններու բովանդակութեան մեծամասնութիւնը հանրային կարծիքի առջեւ պիտի չքննարկենք», ըսաւ ամերիկացի բանբերը։ Հարցումի մը պատասխանելով ան նշեց, որ զարգացում մը արձանագրուած պիտի ըլլայ, եթէ պատուելի Պրանսըն վերադառնայ ԱՄՆ։ «Սա է մեր ուզած զարգացումը», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Wall Street Journal-ն ալ գրեց, որ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ընթացքին թրքական կողմը որեւէ խոստում չէ տուած պատուելի Պրանսընը փութով ազատ արձակելու ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018