ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Թուրքիա։ 13-14 օգոստոսին նախատեսուած են ռուս նախարարի Անգարայի շփումները։ Այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրով։

Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնը կը համընկնի Թուրքիոյ դեսպաններու տարեկան խորհրդաժողովին։ Աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ Թուրքիան ներկայացնող դեսպաններու այս հաւաքին ընթացքին Սերկէյ Լաւրովն ալ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։ Բաց աստի, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով պիտի ունենան հանդիպում մը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ԹԱՍՍ գործակալութեան բացատրութիւններ տուաւ Լաւրովի Թուրքիա այցելութեան կապակցութեամբ։ Բանբերի խօսքերով՝ բանակցութիւններու ընթացքին  ըստ էութեան ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացուի միջազգային օրակարգի արդի հարցերուն, Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հարցին մէջ իրերու դրութեան, Մերձաւոր Արեւելքի, Անդրկովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Ուքրայնոյ եւ Սեւ ծովեան տարածքաշրջանին վրայ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով պիտի քննարկեն նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան յետագայ զարգացման օրակարգը՝ շեշտը դնելով ուժանիւթի ոլորտէ ներս առանցքային նախագծերու իրականացման վրայ։ Այսպէս, անոնք պիտի շօշափեն «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի շինարարութեան ընթացքը, Աքքույուի աթոմակայանի կառուցման աշխատանքները եւ նոր ոլորտներէ ներս կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ տըն-տեսական համագործակցութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր թափ ստացած է, նաեւ քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւնը կը հանդիսանայ Սուրիոյ տագնապը։ Լաւրովի Անգարա այցելութեան ընդառաջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, ինչպէս Թուրքիան, այնպէս ալ Ռուսաստան նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնեն՝ Իտլիպի քաղաքային բնակչութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։ Սուրիոյ վարչախումբը ներկայիս թէեւ զինուորական գետնի վրայ կարեւոր պատրաստութիւններ կը տեսնէ, սակայն Իտլիպի շրջանէն ներս ծաւալուն գործողութիւններու պիտի չձեռնարկէ։ «Բնականաբար, Իտլիպէ ներս ահաբեկիչներու գոյութեան խնդրին ալ լուծում մը պէտք է գտնել։ Էլ-Նուսրայի շարքայինները պէտք է ձեւով մը մաքրուին տարածքաշրջանէն», ըսաւ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018