ԿԱՊԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Խրղըզիստանի Չոլփան-Ատա քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովը։ ԵԱՏՄ-ի Միջկառավարական խորհուրդի նիստը տեղի ունեցաւ «Ռուհ Օրտա» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Հայաստան այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։ Ժողովի տանտէրն էր Խրղըզիստանի վարչապետ Մուհամմետքալի Ապիլկազիեւ։ Միջկառավարական խորհուրդի նիստի մասնակից վարչապետները ընդունուեցան նաեւ Խրղըզիստանի նախագահ Սոորոնպայ Ժէենպեքովի կողմէ։ Ժողովականները նախ նեղ շրջանակի մէջ հանդիպում մը ունեցան եւ աւելի վերջ բանակցութիւնները շարունակուեցան ընդլայնուած կազմով։

Նիստի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին առանձնապէս կարեւորեց ԵԱՏՄ-ի ընդհանուր ելմտական շուկայի ստեղծումը։ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ վերջերս դէպի Վիեթնամ եւ Սինկափուր կատարած այցելութիւններուն եւ ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ այդ երկիրները ԵԱՏՄ-ի հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ հետաքրքրութիւն կը դրսեւորեն եւ այս ուղղութեամբ պէտք է արդէն պատրաստուին համապատասխան փաստաթուղթերը։

Յառաջիկայ 30 սեպտեմբեր-1 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու գագաթաժողովը։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ժողովականներուն տեղեկացուց, որ Երեւանի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին հրաւիրած է նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։ Բաց աստի, Երեւանի գագաթաժողովին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ միջազգային համաժողով մը։ «Եւրոասիական մայրցամաքի տարանցիկ ներուժը» նիւթին ձօնուած պիտի ըլլայ այս համաժողովը։ Նիկոլ Փաշինեան երէկուան ժողովին ընթացքին անդամ պետութիւններու վարչապետներէն խնդրեց, որպէսզի այս կարեւոր իրադարձութեան ապահովեն իրենց երկիրներու թէ՛ պետական եւ թէ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու հնարաւորինս լայն մասնակցութիւնը։ Այսպէս, այդ համաժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած են ԵԱՏՄ-ի անդամ բոլոր պետութիւններու ղեկավարները եւ ԵԱՏՄ-ի գործընկեր երկիրներու ղեկավարները։ Կ՚ակնկալուի, որ համաժողովի ժամանակ պիտի քննարկուին այդ մայրցամաքի փոխադրութեան եւ լոժիսթիք ցանցի զարգացման արդի հիմնախնդիրները, տարածքաշրջանի պետութիւններու կողմէ նոր լայնածաւալ ենթակառուցուածքներու նախագծերու մշակման հեռանկարները եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող նախագծերու իրականացումը, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ թուային միջանցքներու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Այս ժողովի ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ երկկողմանի գործնական ընթացիկ օրակարգին։ Փաշինեան եւ Մետվետեւ մասնաւորապէս կանգ առին առեւտրատնտեսական կապերու ապագայ զարգացման, ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, համատեղ նախագծերու իրականացման ուղղութեամբ գործադրուելիք ջանքերուն վրայ։ Հանդիպման ընթացքին վարչապետները անդրադարձան կազի, աթոմային ելեկտրակայանի, օդային փոխադրութիւններու ոլորտներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ այն շարք մը հարցերուն շուրջ, որոնք վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ կ՚արծարծուին։

Վարչապետ Փաշինեան Մետվետեւի հետ զրուցելու ժամանակ նաեւ գոհունակութեամբ նշեց, որ Վերին Լարսի մէջ ծագած հարցերու լուծման գործնական դրութիւնը արդէն արդիւնաւէտութեամբ կ՚աշխատի։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման ամբողջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց նաեւ ԵԱՏՄ-ի ամբողջ ներուժի լիարժէք օգտագործումը։

Իր կարգին, Տիմիթրի Մետվետեւն ալ նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ կայ վերընթաց զարգացում։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019