«ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ»

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան վերջերս միջազգային մրցոյթի մը մասնակցեցաւ Հնդկաստանի մէջ։ Այս մրցոյթի արդիւնքով ան նուաճեց առաջնութեան մրցանակը։ Բաց աստի, իրեն շնորհուեցաւ յատուկ մրցանակ մը՝ «Երաժշտութեան դեսպան» կոչումը։ Միջազգային այս մրցոյթին աւելի քան 200 երաժիշտ մասնակցեցաւ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Մարիաննա Գէորգեան միակն էր, որուն յատուկ մրցանակ շնորհուեցաւ։

Անցեալ տարի ալ Մարիաննա Գէորգեան «World Folk Vision Global Cultural Initiative» մրցոյթ-փառատօնին արժանացած էր գլխաւոր մրցանակի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021