ԱՐՏԱԾՈՂ ԵՐԿԻՐ

Թուրքիոյ կողմէ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս կատարուած լուրջ ներդրումները միշտ ուշադրութեան կ՚արժանանան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Այսպէս, «Business Insider»ի մեկնաբաններէն Պենճամին Պրիմէլոու վերջերս ստորագրեց վերլուծութիւն մը, ուր շեշտուած է, թէ Անգարա զգալիօրէն ընդլայնած է ռազմական արտադրութիւնը։ Այսպէսով թրքական կողմի կախուածութիւնը հետզհետէ կը նուազի ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներէն։ Սա պիտի ապահովէ նաեւ, որ Թուրքիա կարողանայ նուազագոյնի հասցնել իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներով յառաջացած վնասները։ Ըստ վերլուծաբանին, այս քաղաքականութիւնը նաեւ ազդանշան մըն է Հիւսիս-Ատլանտեան դաշինքի Թուրքիոյ գործընկերներուն։

Թուրքիա մասնաւորապէս շուրջ երկու ամիս առաջ փորձարկած է «Atmaca» թեւաւոր հրթիռները, որոնք թրքական բանակին համար պիտի փոխարինեն ամերիկեան արտադրութեան նոյն տիպի «Harpoon» հրթիռային համակարգերը։ Վերջին տարիներուն Անգարա զգալիօրէն ընդլայնած է սպառազինութիւններու, թնդանօթներու, հրթիռներու, հրասայլերու եւ ռազմանաւերու արտադրութիւնը։ Հեղինակը կը մատնանշէ, որ ան նոյնիսկ կը դասուի այն երկիրներու շարքին, որոնք զէնք կ՚արտածեն։ Վերլուծաբանի համոզմամբ, Անգարա կեդրոնացած է սեփական ռազմական սարքաւորումներու արտադրութիւնը զարգացնելու վրայ՝ նախ եւ առաջ իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն պատճառով։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ-ի գործընկերները Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանած են՝ Ռուսաստանի հետ ռազմարդիւնաբերական ոլորտէ ներս հաստատուած սերտ համագործակցութեան բերումով։ Անտեսելով Ուաշինկթընի դժգոհութիւնը՝ Անգարա վերջին տարիներուն Մոսկուայէն գնած է «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգեր։ Նոյն պատճառով ան նոյնիսկ դուրս թողուած է ամերիկեան՝ հինգերորդ սերունդի «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու արտադրութեան ծրագրէն։ Բաց աստի, ըստ վերլուծաբանի դիտարկումներուն, Թուրքիոյ կողմէ ռազմական արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ կատարուած աշխոյժ ներդրումները պայմանաւորուած են նաեւ ուրիշ պատճառով մը։ Արդարեւ, Թուրքիա չ՚ուզեր ռազմական հարցերու մէջ շատ ետ մնալ իր աւելի հզօր հարեւան Ռուսաստանէն։

Ինչպէս ծանօթ է, ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ կողմէ ապահովուած ձեռքբերումներու խորհրդանշանը կը համարուին «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք ունին նաեւ հարուածային տեսակներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021