ԷՕՄԷՐ ՉԵԼԻՔ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐ ՉԷ»

Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երկար ներկայութենէ մը վերջ դուրս կը բերէ իր զօրքերը Աֆղանիստանէն, առանց այդ երկրի խնդիրներու վերջնական կարգաւորման, միջազգային օրակարգին վրայ այժմ տեղ կը զբաղեցնէ աֆղան գաղթականներու նոր ալիքի մը դիմագրաւման հարցը։ Արդարեւ, ամերիկեան զօրքերու ներկայութեան տարիներուն անոնց հետ համագործակցած Աֆղանիստանի քաղաքացիները այժմ անխուսափելիօրէն դարձած են Թալիպանի թիրախը։ Անոնք կը պատրաստուին երկիրը լքել։ Այն քաղաքացիները, որոնց նկատմամբ ուղղակի պատասխանատուութիւն մը կը կրէ ԱՄՆ, ըստ երեւոյթին, հնարաւորութիւն կ՚ունենան հաստատուելու ԱՄՆ-ի մէջ եւ իրենց պարագան այդքան ալ մտահոգիչ ըլլալ չի թուիր։ Բայց կան նաեւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ, որոնց պարագային ԱՄՆ կը նախատեսէ երրորդ երկիրներու մէջ ժամանակաւոր կեցութիւն՝ անոնց գաղթի խնդիրները համակարգուած ձեւով կազմակերպելու համար։ Երբ երրորդ երկիրներու պարագայ խնդրոյ առարկայ դարձած է, անշուշտ, օրակարգի վրայ եկած է այն հարցումը, թէ ո՞ր երկիրները պիտի ըլլան անոնք։ Ամերիկացի զանազան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վերջին շրջանին այս ամբողջին մէջ ակնարկութիւններ կ՚ընեն Թուրքիոյ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը զանազան հարթութիւններու վրայ հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ Ուաշինկթընին՝ առանց թրքական կողմի հաւանութեան կատարուած իրողութիւն ստեղծելու բերումով։ Պաշտօնական հակազդեցութիւններու շարքին եղաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը։

Երէկ, Անգարայէն բարձրացած բողոքի ձայներուն եկաւ միանալ նաեւ ԱՔ կուսակցութեան բանբերը՝ Էօմէր Չելիք։ «Թուրքիա գաղթականաց ճամբար մը չէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երկիրը միշտ իր դռները լայն բացած է բոլոր անոնց համար, որոնք մահէ խոյս կու տան։

Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ժողովէն վերջ Էօմէր Չելիք ըսաւ. «Թուրքիա ոեւէ մէկուն գաղթականաց ճամբարը չէ։ Ոմանք այս տարածքը պէտք չէ պատկերացնեն՝ որպէս համակեդրոնացման ճամբար»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021