ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ ստեղծուած լարուած վիճակի աշխարհագրութիւնը երէկ մտահոգիչ ձեւով ընդլայնեցաւ՝ ընդգրկելով նաեւ Արցախը։ Երէկ, ժամը՝ 16.00-22.00-ին, Ատրպէյճան հրադադարի դրութիւնը խախտեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այսպէս, դէպքեր տեղի ունեցան Արցախի սահմաններու հարաւ-արեւմտեան ուղղութեան վրայ, Շոշ-Մխիթարաշէն հատուածէն ներս։ Բացի հրաձգային զինատեսակներէն, Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է հակահռասայլային նռնականետեր, որոնք արձակուած են հայկական դիրքերու վրայ։

Արցախի պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած եւ դէպքին առընչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղած է Ատրպէյճանին, որպէսզի հաւատարիմ մնայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ զերծ մնայ իրադրութեան ապագայ լարման ուղղուած քայլերէն։

Երէկուան այս դէպքերը նախորդեցին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի այսօր Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան, որ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հրաւէրով։ Մինչ այդ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ իրավիճակին։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի վերջին համաձայնութիւններու իրականացման խնդիրները։ Կարծիքի առարկայական փոխանակումներ տեղի ունեցած են սահմանային իրավիճակի բնականոնացման եզրերուն շուրջ։ Տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերը վերականգնելու առումով ընդգծուած է երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը շուտափոյթ վերսկսելու կարեւորութիւնը։

ԶԱՍԻ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Երեւանի մէջ ան երէկ ընդունուեցաւ Արշակ Կարապետեանի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Ընդհանուր քարտուղարը այցելեց նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը, ուր հիւրընկալուեցաւ ղեկավարին՝ Հայկ Պետրոսեանի կողմէ։ Այս բոլոր փուլերուն օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած առկայ լարուածութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Երեւան յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանձնէ այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան Սթանիսլաւ Զասին ներկայացուց Ատրպէյճանի զօրքերու՝ Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս հիմնախնդրի համապարփակ ու մշտական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Արշակ Կարապետեան Սթանիսլաւ Զասը ընդունելու ժամանակ շեշտեց, որ ՀԱՊԿ-է ներս որոշում կայացնելու եւ տագնապալի իրավիճակներու արձագանգման դրութիւնները չեն համապատասխաներ գործնական իրադրութեան պահանջներուն։ «Մենք ձեր այցին կը սպասէինք տակաւին մայիսին։ Հայաստանի համար այդ պահուն բաւական լարուած ժամանակահատուած մըն էր, բայց, դժբախտաբար, ձեր այցը տեղի չունեցաւ։ Այսօր մեր սահմաններուն ձեւաւորուած է կայուն, ծանր իրավիճակ մը։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը մայիսին երկու ուղղութիւնով ներխուժեցին հայկական տարածք։ Սա մեզ չափազանց կ՚անհանգստացնէ։ Մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք։ Մենք որեւէ պարագայով չենք ուզեր իրադրութեան լարուածութիւն մեր սահմաններուն վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք պատրաստ չենք համակերպուիլ գործողութիւններու հետ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ Հայաստանի պետական սահմանի խախտման։ Մենք վճռականօրէն պիտի պաշտպանենք մեր տարածքները։ Մենք, ի հարկէ, կը ձգտինք խաղաղ ճանապարհով լուծել այս խնդիրը՝ ցոյց դնելով մեր խաղաղասիրութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ մեր համբերութիւնը անսպառ չէ եւ մեր սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման բացակայութեան պարագային մենք մեզի իրաւունք կը վերապահենք խնդիրը լուծել ուժ կիրառելով», ըսաւ Արշակ Կարապետեան զրոյցի ընթացքին։ 

Իր կարգին Կարապետեանի հետ զրուցելու ընթացքին Զասն ալ դիտել տուաւ, որ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին երկայնքով լարուածութիւնը կ՚աճի։ Այս առումով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը ժխտական անդրադարձ մը կ՚ունենայ։ Նոյն ամբողջին մէջ ան թուարկեց՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Աֆղանիստանէն հեռացումով պայմանաւորուած՝ ՀԱՊԿ-ի դաշնակից Տաճիկիստանին ուղղեալ սպառնալիքները։

Երէկուան այս հանդիպումներէն վերջ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սթանիսլաւ Զաս այսօր ալ այցելեց Արարատի զօրամասը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի հետ սահմանի առկայ դէպքերը սպառնալիք են ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանի անվտանգութեան դէմ։ Ընդհանուր քարտուղարը համոզուած է, թէ սահմանային իրավիճակի քաղաքական կարգաւորման հնարաւորութիւնները սպառած չեն եւ անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակել՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափով։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը մշտապէս կը գտնուի ՀԱՊԿ-ի տեսադաշտին մէջ։

Երեւանի մէջ նախատեսուած է Զասի հանդիպումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի սահմանակից Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղի սահմաններուն վրայ Ռուսաստանի սահմանապահներու տեղակայման արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Երէկ, Հայաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան այս առթիւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյին մէջ շեշտեց, որ սա որեւէ կապ չունի որեւէ բան յանձնելու հետ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021