ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախագահ Սարգսեան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Արմէն Սարգսեանին ներկայացուց հիմնադրամի կողմէ Արցախէ ներս ձեռնարկուած, շուրջ 30 միլիառ դրամ արժողութեամբ վերակառուցման ծրագրերու իրականացման ընթացքը։ Այդ ծրագրերը կ՚ընդգրկեն նաեւ համայնքային եւ համապետական նշանակութեամբ ճանապարհներու վերակառուցումը, դպրոցներու հիմնանորոգումը, ջրամատակարարման ցանցի կառուցումը եւ լայնածաւալ բնակարանաշինութեան աշխատանքներ։

Հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ բնակարանաշինութեան առաջին փուլով կը նախատեսուի կառուցել 817 բնակարան եւ 290 տուն։ Բնակարաններու եւ շէնքերու մէկ մասը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ այս տարեվերջ՝ Ստեփանակերտի մէջ եւ Իվանեան համայնքէն ներս՝ սեփական տանիքով ապահովելով Շուշիէն եւ Հադրութէն տեղահանուած 457 ընտանիք։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ քննարկեց նաեւ սեպտեմբերէն սկսեալ Սիւնիքի մարզէն ներս ձեռնարկուած նախագծերու վերաբերեալ հարցերուն։ Արմէն Սարգսեան անցեալ ապրիլին Սիւնիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութենէն յետոյ յանձնարարած էր, որ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները այցելեն այդ մարզը, հանդիպումներ ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ բնակիչներուն հետ։ Քննարկումներու եւ կարծիքներու գնահատման արդիւնքին հիման վրայ կազմուած է Սիւնիքի մարզի համայնքներու առաջնային խնդիրներուն վերաբերեալ ծրագիր մը, որ կը վերաբերի համայնքային, կրթական եւ ընկերային նշանակութեամբ շարք մը խնդիրներու  լուծման։ Շուրջ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ այս ծրագիրը պիտի սկսի յառաջիկայ սեպտեմբերին եւ պիտի իրականացուի զանազան փուլերով։ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի եւ հիմնադրամի համատեղ ուժերով ու մասամբ նաեւ՝ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գանձատրումով ու աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենան այս բոլորը։

Հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան մատնանշեց, որ Արցախի, Սիւնիքի համայնքներու անվտանգային, տնտեսական եւ ընկերային աջակցութիւնը առաջնահերթութիւն է։ Բոլոր միջոցներն ու ջանքերը պէտք է գործադրել՝ աջակցութեան կարօտ համայնքներուն եւ քաղաքացիներուն սատար հանդիսանալու համար։ Կարեւորելով ծրագրերու՝ պատասխանատուութեամբ իրականացումը, ժամկէտներու խստագոյնս պահպանումը՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց ներկայիս ձեռնարկուած աշխատանքներու ծաւալի եւ իրագործման թափին կապակցութեամբ։

Գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին տեղեկացուց նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի որոշումներու կատարման ընթացքը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021