ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍԵՄԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Յառաջիկայ սեպտեմբերի երկրորդ կէսին նախատեսուած է 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտը։ Այս փուլին ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ կը նախատեսուի նախազգուշական զանազան միջոցներու հաստատումը, որպէսզի քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը չկաղայ։ Արդարեւ, վերջին շրջանին արդէն նոր վարակումներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներուն մէջ կը նկատուի մտահոգիչ աճ մը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, մօտալուտ վերամուտին համար յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու ստիպողութիւնը օրակարգի վրայ եկած է, որովհետեւ վերամուտի զուգահեռ շփումներու խտացումը նոր թափ կրնայ տալ վարակումներու աճին։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան սեպտեմբերի երկրորդ կէսին համար նախատեսուած հաւանական քայլերուն եւ պետական մարմիններուն կողմէ կատարուելիք նախաձեռնութիւններուն շուրջ։ Առայժմ նոր սահմանափակումներ՝ մասնաւորապէս փողոց դուրս գալու հաւանական արգելքներ խնդրոյ առարկայ չեն։ Հիմնական կարգադրութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան փակ տարածքներ մուտք գործելու վերաբերեալ կարգին։ Այս առումով նախազգուշական միջոցներու խստացումներ կը ծրագրուին։ Այսպէս, փակ տարածքներ մուտք գործելու պարագային ստիպողական պիտի դառնայ PCR քննութիւնը ու պիտի զատորոշուին՝ պատուաստուած կամ չպատուաստուած անձերը։ Հանրային հատուածի աշխատողներու պարագային ալ քննութիւնը ստիպողական պիտի դառնայ։ Արդարեւ, այժմու ենթադրութիւններով, մինչեւ վերամուտ օրական վարակումներու թիւը կրնայ գերազանցել 30 հազարի շեմը։

Երէկ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան մատնանշեց, որ նոր վարակումներու թիւի աճը արդէն դարձած է մշտական։ Նոր վարակումներու թիւի նուազեցման տեսակէտէ յառաջիկայ տասնօրեայ շրջանը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ըստ նախարարին, նախազգուշական միջոցներուն պէտք է անպայման հնազանդիլ ու պէտք է անպայման պատուաստուիլ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021