ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ «ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ՝ ՌԱՖՖԻ ԹԱՇՃԵԱՆ

Քուէյթահայ գործարար եւ յայտնի ազգային գործիչ Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ իր նպաստը բերել ինչպէս Հայաստանի վերաբերեալ նախագիծերու, այնպէս ալ սփիւռքի հայապահպանութեան ուղղեալ ծրագրերու։ Ան կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ ուսումը ամենաազդու զէնքն է՝ յաղթահարելու համար կեանքի անանցանելի խոչընդոտները։ «Էրեբունի» լրատու կայքէջի հաղորդումներով, գործարար ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան անցեալ շաբաթավերջին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Ներսէս Շնորհալի»ի մրցանակը յանձնեց Ռաֆֆի Թաշճեանին, որ այս տարեշրջանին պաքալորէայի առաջին հանդիսացած ուսանողն է։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Տ․ Արտակ Ա․ Քհնյ․ Քէհեայեան, Կիրակոս Գույումճեան, թեմական խորհուրդի եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Քուէյթի հայկական վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի 12-րդ դասարանի «Արցախ» սերունդի առաջնակարգ աշակերտը՝ Ռաֆֆի Թաշճեան իր ծնողքին հետ։

Այս մրցանակը, որ 2017 թուականին պաշտօնապէս հաստատուած է Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ (1000 քուէյթեան տինար), կը յանձնուի Քուէյթի պաքալորէայի պետական քննութիւններուն ամենաբարձր նիշը ապահոված՝ տեղւոյն հայկական վարժարանի յաջողագոյն ուսանողներուն: Մրցանակին նպատակն է՝ խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ձգտումը։

Այս տարուան մրցանակաբաշխութեան հաւաքոյթի ընթացքին քաջալերական խօսքեր արտասանեցին՝ վարժարանի տնօրէն տքթ․ Ներսէս Սարգիսեան, Կիրակոս Գույումճեան, նաեւ Կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբը, նորանոր նուաճումներ մաղթելով պարգեւատրեալին։

Իր կարգին, օրուայ դափնեկիրը՝ Ռաֆֆի Թաշճեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Այս առթիւ ան երախտագիտութիւն յայտնեց թէ՛ իր աւարտած վարժարանին եւ թէ բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, որու նախաձեռնութեամբ ստացած է խրախուսական պարգեւը։

Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանն ալ Ռաֆֆի Թաշճեանին տուաւ իր օրհնութիւնները եւ հայրական յորդորներ փոխանցեց, որպէսզի բարձրագոյն ուսման փուլին ալ արձանագրէ նման յաւակնոտ նուաճումներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021