IPCC-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԶԱՆԳ

ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան միջկառավարական հարթակը (IPCC) ահազանգային տեղեկագիր մը հրապարակեց, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային օրակարգի վրայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս հրապարակուեցաւ այս տեղեկագիրը, որ իր նմաններու շարքին վեցերորդն է։ Աշխարհի 66 երկիրէ 234 գիտնականի կողմէ յառաջ տարուած հնգամեայ աշխատանքի մը հիման վրայ կը հրապարակուին սոյն տեղեկագիրները։

Ըստ այս վերջին տեղեկագրին, կլիմայի փոփոխութիւնը ընդհանրացած է, արագացած ու խտացած։ «Կլիմայի փոփոխութիւն 2021. բնագիտութեան հիմքը» խորագրեալ տեղեկագիրը, որ վերջին օրերուն հրապարակուեցաւ, հաւանութեան արժանացաւ 195 երկրի կողմէ՝ առցանց կազմակերպուած նիստի մը ընթացքին։ Այս տեղեկագրի երկրորդ բաժնի հրապարակումը նախատեսուած է յաջորդ տարի։ Այսպէս, կլիմայի մէջ դիտարկուած փոփոխութիւններու մեծամասնութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր չէ նկատուած. օրինակ՝ ծովու մակերեսի բարձրացումը։ Այդ բոլորը հարիւրաւոր, հազարաւոր տարիներով անդառնալի պիտի ըլլան։ Թթուածինի եւ միւս խնդրայարոյց կազերու արտանետման հետեւողական նուազեցումը կլիմայի փոփոխութիւնը պիտի սահմանափակեն։ Օդի որակի տեսակէտէ օգուտները թէեւ արագութեամբ կրնան գալ, սակայն 20-30 տարի կրնայ շարունակուիլ օդի ջերմութեան կայունացումը։

Ըստ IPCC-ի տեղեկագրին, մինչեւ 2030 թուականը կլոպալ ջերմութիւնը պիտի բարձրանայ 1.5 աստիճանով։ Նախապէս այդ բարձրացման համար կը նախատեսուէր 2040 թուականը։ Վերջին տուեալներով՝ մինչեւ 2030 թուականը նոյնիսկ կլոպալ ջերմացումը այդ մակարդակն ալ կրնայ գերազանցել։ Սա պատճառ կրնայ դառնալ մեծ աղէտներու. ինչպէս՝ ջրհեղեղներ, անտառային հրդեհներ, երաշտ, եւ այլն։

Միջազգային շրջանակներ անգնահատելի արժէք մը կը վերագրեն այս տեղեկագրին, ըստ որու կլիմայի առկայ փոփոխութիւնները յաւելեալ ջերմացումով պիտի բազմապատկուին։ Ամառները աւելի երկար, իսկ ձմեռները աւելի կարճ պիտի ըլլան։ Չափազանց տաքերը գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան տեսակէտէ նուրբ հանդուրժողութեան շեմերու աւելի յաճախակիօրէն խախտումին պատճառ պիտի դառնան։

IPCC կլիմայի դրութեան հասած վիճակին վերաբերեալ արժեւորման տեղեկագիրներ կը պատրաստէ հինգ-եօթ տարուայ պարբերականութեամբ։ Առաջին տեղեկագիրը հրապարակուած էր 1990 թուականին, երկրորդը՝ 1996-ին, երրորդը՝ 2001-ին, չորրորդը՝ 2007-ին։ Նախորդ՝ հինգերորդ տեղեկագիրը մաս առ մաս հրապարակուած էր 2013 թուականի սեպտեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2014 թուականը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021