«ՊԱՔՈՒ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՈՒՆԻ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգձգէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը։

Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովին համար Անգարա այցելած Ճէյհուն Պայրամով միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ իր երկիրը յամենայնդէպս փոխադրական հաղորդակցութիւն պիտի հաստատէ Նախիջեւանի հետ։ Իր խօսքով, Ատրպէյճան Նախիջեւանի հետ փոխադրութեան կապի համար ունի այլընտրանք եւ արդէն սկսած է Արաքս գետի վրայով առաջին կամուրջի շինարարութիւնը։ «Պարզապէս Հայաստանին հնարաւորութիւն տրուած է, որպէսզի դուրս չմնայ տարածաշրջանային համագործակցութենէն եւ եթէ Հայաստան սխալ որոշում կայացնէ, ապա պիտի վնասէ ինքն իրեն», ըսաւ ան։

Անգարայի մէջ Ճէյհուն Պայրամով «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին ալ տուած է հարցազրոյց մը, որու ժամանակ շեշտած է, որ Զանգեզուրի միջանցքին բացուիլը հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնով նախատեսուած էր։ Հայաստանի խոչընդոտներուն դէմ Ատրպէյճան կրնայ Իրանի վրայով հասնիլ Նախիջեւան։

Պայրամով պնդած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լարուածութեան բուն նպատակն է Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու չյարգուիլը։ «Հայկական զինեալ տարրերը պէտք է դուրս բերուէին Ղարաբաղի շրջանէն։ Հայաստան այս բանը չըրաւ եւ այդ շրջանէն կրակ բացուեցաւ Ատըր-պէյճանի զինուորներուն վրայ», ըսաւ ան։

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022